Որոնել

Wildfire rages near Athens

Յունաստանի մէջ մէկ օրուան մէջ անտառային հրդեհներու 93 օճախ յառաջացած է

Յունաստանի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Ալեքսանտրուփոլիս քաղաքին մօտ եւ Տատիաս անտառին մէջ բռնկած հրդեհներուն դէմ կը պայքարին 241 հրշէջներ: Օդէն անոնց օգնութիւն կը ցուցաբերէ 7 օդանաւ եւ 7 ուղղաթիռ:

Յունաստանի մէջ մէկ օրուան մէջ անտառային հրդեհներու աւելի քան 90 նոր օճախ յառաջացած է` հիմնականին մէջ տաք եղանակին եւ ուժեղ քամիին պատճառով: «Նիուզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է հրշէջ ծառայութեան մամլոյ ծառայութեան ներկայացուցիչ Եանիս Արթոփիոս:

«Վերջին մէկ օրուան մէջ արձանագրուած է 93 նոր բնական հրդեհ: Անոնց մեծ մասը անմիջապէս մարուած է», ըսած է Արթոփիոս:

Յունաստանի հիւսիս-արեւելքը  գտնուող Ալեքսանտրուփոլիս քաղաքին մօտ եւ Տատիաս անտառին մէջ բռնկած հրդեհներուն դէմ կը պայքարին 241 հրշէջներ: Օդէն անոնց օգնութիւն կը ցուցաբերէ 7 օդանաւ եւ 7 ուղղաթիռ:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Եարլը Քայա յայտնեց. «Երկրին հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Չանաքքալի քաղաք տանող մայր ճամբան երթեւեկի դիմաց փակ է, ինչպէս նաեւ երկու ուղղութիւններով փակուեցաւ Տարտանելի նեղուցը, եւ 9 շրջաններէ 1251 անձեր հեռացուեցան»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2023, 08:00