Որոնել

Soldiers of the Republican Guard stand on their armed pick-up in a street in Libreville

Կապոնի մէջ պետական յեղաշրջում

Յեղաշրջումի հեղինակները աւելի ուշ յայտարարեցին, որ Կապոնի նախագահը տնային կալանքի տակ է:

Կապոնի մէջ զինուորականները յայտարարած են, որ խլած են երկրին մէջ իշխանութիւնը, լուծարած պետական բոլոր մարմինները եւ ստեղծած Հաստատութիւններու անցման եւ վերականգնման կոմիտէ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով տեղական «Կապոն 24» պատկերասփիւռի կայանը:

«Այսօր մենք` պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ուժերս, համախմբուած ենք Հաստատութիւններու անցման եւ վերականգնման կոմիտէին մէջ, Կապոնի ժողովուրդին անունով որոշած ենք պաշտպանել խաղաղութիւնը` վերջ տալով ներկայ վարչակարգին: Այդ նպատակով չեղեալ կը յայտարարուին 26 օգոստոս 2023-ի ընդհանուր ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց նախնական արդիւնքները: Սահմանները ցնոր տնօրինում փակ են, իսկ հանրապետութեան բոլոր հաստատութիւնները` լուծարուած», յայտարարած են անոնք:

Զինուորականներու յարձակումը տեղի ունեցաւ այն բանէն ետք, երբ ընտրական յանձնախումբը պաշտօնապէս յայտարարեց 26 օգոստոսին կայացած նախագահական ընտրութեան մէջ Ալի Պեն Պոնկօ Օնդիմպայի յաղթանակը: Վերջինիս օգտին քուէարկած է ընտրողներուն 64,27 առ հարիւրը: Ան վերընտրուած է երրորդ ժամկէտով:

64 տարեկան Ալի Պեն Պոնկօ Օնտիմպա իշխանութեան եկած է 2009 թուականի աշնան` նախագահի պաշտօնին վրայ փոխարինելով իր հօր` Կապոնի երկրորդ նախագահ Օմար Պոնկօ Օնտիմպան, որ իշխանութեան ղեկին վրայ էր 41 տարիէ ի վեր: Կապոնի սահմանադրութիւնը չի նախատեսեր նախագահական ժամկէտներու սահմանափակումներ:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց, որ Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցողը Եւրոպայի համար կարեւոր հարց է` նշելով. «Կապոնի մէջ կացութիւնը պիտի քննարկենք»:

Պորել Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու Թուլիտոյի ժողովին ընթացքին յայտնեց. «Եւրոպական Միութեան պաշտպանութեան նախարարները պիտի քննարկեն Կապոնի մէջ տիրող կացութիւնը, եւ եթէ հաստատուի, որ տեղի ունեցածը յեղաշրջում է, ապա ատիկա պիտի աւելցնէ շրջանին մէջ անկայունութիւնը»:

«Եթէ այդ հաստատուի, ապա ատիկա մէկ այլ զինուորական յեղաշրջում է, որ ամբողջ շրջանին մէջ անկայունութիւնը կ՛աւելցնէ», նշեց ան:

Յեղաշրջումի հեղինակները աւելի ուշ յայտարարեցին, որ Կապոնի նախագահը տնային կալանքի տակ է:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2023, 07:30