Որոնել

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ 

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազը հաստատեց` Ատրպէյճան

Օքամփօ արձանագրեց, որ Ատրպէյճանի կատարածը ցեղասպանութիւն է` ըստ Ցեղասպանութեան պայմանագիրի 2րդ յօդուածի Գ. կէտին`«ոեւէ խումբի համար միտումնաւոր ստեղծումը կեանքի այնպիսի պայմաններու, որոնք ուղղուած են անոր լրիւ կամ մասնակի ֆիզիքական ոչնչացման»:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան տեսազանգի միջոցով զրուցեց Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ, աշխարհահռչակ «Հարվըրտ» եւ «Եէլ» համալսարաններու դասախօս Լուիս Մորենօ Օքամփոյի հետ, որ Յարութիւնեանի գլխաւորած պաշտօնատարներուն ներկայացուց Արցախի շրջափակման վերաբերեալ իր իրաւական հետազօտութեան արդիւնքները։

Ան ընդգծեց, որ հետազօտութեան եւ վերլուծումներու արդիւնքները շատ յստակ են` Լաչինի միջանցքի փակումը Ատրպէյճանի կողմէ այժմ Արցախի մէջ կը կատարուի հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւն, եւ միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է հրատապ եւ գործուն քայլերով կանխել անոր հետագայ ընթացքը

Օքամփօ արձանագրեց, որ Ատրպէյճանի կատարածը ցեղասպանութիւն է` ըստ Ցեղասպանութեան պայմանագիրի 2րդ յօդուածի Գ. կէտին`«ոեւէ խումբի համար միտումնաւոր ստեղծումը կեանքի այնպիսի պայմաններու, որոնք ուղղուած են անոր լրիւ կամ մասնակի ֆիզիքական ոչնչացման»:

«Չկան դիակիզարաններ կամ դուրերով յարձակումներ: Սովը ցեղասպանութեան անտեսանելի զէնքն է: Առանց անմիջական կտրուկ փոփոխութիւններու` հայերու այս խումբը քանի մը շաբաթէն կը կործանի», զեկոյցին ընթացքին նշեց Օքամփօ`աւելցնելով, որ սովամահութիւնը, իբրեւ մարդիկ ոչնչացնելու մեթոտ, անտեսուած է միջազգային ամբողջ հանրութեան կողմէ, երբ օգտագործուած է հայերուն դէմ 1915ին, ինչպէս նաեւ հետագային՝ հրեաներու, լեհերու, Ս. Փեթերսպուրկի ռուսներուն, այնուհետեւ` քամպոտիացիներուն, ինչպէս նաեւ պոսնիացիներուն դէմ: 

Օքամփօ նաեւ յայտնեց, որ կայ ողջամիտ հիմք` ենթադրելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերուն նկատմամբ 2023ին ցեղասպանութիւն կատարուած է, եւ Հայաստանի խնդրանքով Արդարադատութեան միջազգային դատարանը արդէն վերլուծած է Լաչինի միջանցքի փակումը` եզրակացնելով, որ անիկա «իրական եւ վերահաս վտանգ» կը ներկայացնէ ցեղային խումբի մը` «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն առողջութեան եւ կեանքին»:

«Կայ ողջամիտ հիմք` հաւատալու, որ նախագահ Ալիեւ ցեղասպանական մտադրութիւններ ունի. ան գիտակցաբար փակած է Լաչինի միջանցքը, նոյնիսկ երբ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը միջանկեալ որոշումներով անոր ուշադրութեան յանձնեց իր գործողութիւններուն հետեւանքները», կ՛ըսուի Օքամփոյի զեկոյցին մէջ:

Ան կ՛աւելցնէ, որ Ատրպէյճանի նախագահը բացայայտ կերպով անտեսած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի յստակ հրամանները` «ապահովելու Լաչինի միջանցքի երկու ուղղութիւններով մարդոց, երթեւեկի միջոցներու եւ բեռներու անարգել տեղաշարժը», իսկ անոր հանրային յայտարարութիւնները՝ իբր թէ միջանցքը փակուած է արգիլուած ապրանքներ ներածելու համար, շեղելու նպատակ ունին: Բացի այդ, ըստ հեղինակին, մաքսանենգութեան մասին հաղորդումները տակաւին պէտք է հետաքննուին, ամէն պարագայի, այդ մէկը չ՛արդարացներ դատարանի որոշումներուն անտեսումը:

Արցախի հայերու վերջնական ոչնչացումը կանխելու համար, Օքամփօ կարեւոր կը նկատէ շրջափակման դադրեցումը մէկ կամ երկու շաբաթուան ընթացքին, ինչպէս նաեւ տարածքային վէճերու լուծումը մինչեւ Մայիս 2025, երբ Ատրպէյճան կրնայ պահանջել ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը դուրս բերել:

Յայտնենք, որ նախագահ Յարութիւնեան շուրջ երկու շաբաթ առաջ դիմած էր Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյին՝ խնդրելով փորձագիտական կարծիք տալ, թէ արդեօք Արցախի մէջ խորացող շրջափակումը կը համապատասխանէ՞ ցեղասպանութիւն յանցագործութեան:

7 Օգոստոսին ուղարկուեցաւ Օքամփոյի զեկոյցը, որ բաղկացած է երեք հիմնական մասերէ եւ կ՛անդրադառնայ Արցախի մէջ ընթացիկ ցեղասպանութեան յանցագործութեան` իբրեւ այդպիսին հիմնաւորման, անոր պատասխանատուներու նոյնականացման ու հետաքննման կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ յանցագործութեան կանխարգելման ուղիներուն:

Աւելի կանուխ, զեկոյցին յայտարարութեան մը միջոցաւ անդրադարձաւ նաեւ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը` զայն գնահատելով իբրեւ մասնագիտական բարձր որակներով, առարկայական եւ փաստացի տուեալներով հիմնաւորուած աւարտուն աշխատանք: «Զեկոյցը միարժէքօրէն պնդում է, որ Արցախի ժողովրդի նկատմամբ իրականացւում է շարունակական ցեղասպանութիւն, ինչը հիմնաւորւում է «ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգելելու եւ պատժելու մասին» կոնվենցիայի (պայմանագիրի) երկրորդ յօդուածի շրջանակներում, որը ցեղասպանութիւն է սահմանում նաեւ «որեւէ խմբի համար կեանքի այնպիսի պայմանների միտումնաւոր ստեղծումը, որոնք ուղղուած են նրա լրիւ կամ մասնակի ֆիզիքական ոչնչացմանը»: Հեղինակն ասուածը հիմնաւորում է` յղում կատարելով Սրեբրենիցայում ցեղասպանական գործողութեան վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշմանը, ըստ որի, բնակչութեանը սննդից, բժշկական օգնութիւնից, ապաստարաններից եւ հագուստից զրկումը համարւում է ցեղասպանութիւն», կ՛ըսուի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2023, 07:55