Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովը խստօրէն դատապարտեց ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կազմակերպած հերթական բռնութիւնն ու սադրիչ գործողութիւնը
Օգոստոս 28-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, սկսիզբ առաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին ժողովը՝ ընդլայնուած կազմով:
Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով, ապա Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամները ողջունեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները բերելով ժողովականներուն:
Ժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան, Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ Մայր Տաճարի վերանորոգման ընթացքին առնչուող հարցեր։
Քննարկման առարկայ պիտի դառնան նաեւ եկեղեցա-վարչական եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման վերաբերեալ այլ հարցեր:
Յընթացս ժողովի՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, տեղեկանալով Բերձորի միջանցքին վրայ հայ երիտասարդներու առեւանգման մասին, խստօրէն դատապարտեց ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կազմակերպած հերթական բռնութիւնն ու սադրիչ գործողութիւնը, որ շարունակուող թշնամական դրսեւորումն է ազրպէյճանի հակահայկական քաղաքականութեան։
Աղբիւրը` Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ