Որոնել

2023.01.23 il corano bruciato a Stoccolma

Դանիան որոշած է քրէականացնել սուրբ դիրքերու հրկիզումը կամ պղծում

Որոշումը տրուած է այդ երկրին մէջ Քորանի հրկիզման քանի մը դէպքերէ ետք, որոնք բողոքի ալիք յարուցած էին իսլամական երկիրներու մէջ: Դանիացի պաշտօնատարին համաձայն, նման քայլերը այսուհետեւ պիտի պատժուին մինչեւ երկու տարուան բանտարկութեամբ կամ տուգանքով:

Դանիոյ իշխանութիւնները որոշած են քրէականացնել սուրբ գիրքերու, ներառեալ Քորանը, Աստուածաշունչը եւ Թորան, հրապարակաւ այրելը կամ պղծելը: Այս մասին յայտարարած է Դանիոյ արդարադատութեան նախարար Փիթեր Հումելկաարտը:

Որոշումը տրուած է այդ երկրին մէջ Քորանի հրկիզման քանի մը դէպքերէ ետք, որոնք բողոքի ալիք յարուցած էին իսլամական երկիրներու մէջ: Դանիացի պաշտօնատարին համաձայն, նման քայլերը այսուհետեւ պիտի պատժուին մինչեւ երկու տարուան բանտարկութեամբ կամ տուգանքով:

Հումելկաարտը սուրբ գիրքերու պղծման քայլերը կոչած է «ծաղրական եւ ոչ համակրելի արարք», որ կը վնասէ դանիացիներու անվտանգութեան թէ՛ արտասահմանի մէջ, թէ՛ երկրին մէջ»: Դանիոյ արդարադատութեան նախարարը միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ արգելքը խօսքի ազատութեան սահմանափակման մասին չէ. անոր համաձայն, նոր օրէնքը պէտք է քաղաքացիներուն սորվեցնէ իրենց կարծիքը արտայայտել աւելի քաղաքակիրթ ձեւով:

«Ոչ պատշաճ վարուիլը» կը վերաբերի հրկիզման, ինչպէս նաեւ գիրքի վրայ ոտք դնելուն կամ ոտքով հարուածելուն, գիրքը ոչնչացնելուն` դանակով պատռելով, կտրելով կամ ծակելով:  Նախարարը ճշդած է, որ խօսքը միայն Քորանին չի վերաբերիր, այլ նաեւ Աստուածաշունչին եւ Թորային:

Վերջին ամիսներուն Դանիոյ եւ դրացի Շուէտի մէջ տեղի ունեցած են շարք մը ցոյցեր, որոնց մասնակիցները իսլամական երկիրներու դեսպանատուներուն առջեւ այրած են Քորանը:

Միջադէպերը զանգուածային բողոքի ցոյցեր յարուցած են իսլամական երկիրներուն մէջ եւ կարծր արձագանգ` դիւանագիտական մակարդակով: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, մասնաւորաբար, սպառնացած է չհաստատել ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու Շուէտի դիմումը, եթէ Սթոքհոլմ վերջ չդնէ նման գործողութիւններուն:

Շուէտի Մէջ Մզկիթի Խորհուրդի Անդամներուն Քորանի Այրուած Օրինակներ Ուղարկուած Են

Անծանօթ անձեր Քորանի քանի մը այրուած օրինակ ուղարկած են Շուէտի Ուփսալա քաղաքի մզկիթի ներկայացուցիչներուն: Այս մասին հաղորդեց շուէտական «ԱՖթոնպլատեթ» օրաթերթը:

«Ուփսալայի մզկիթի խորհուրդի քանի մը անդամներուն այրուած Քորաններ ուղարկուած են` իրենց տուներուն հասցէներով», կը նշուի հրապարակումին մէջ:

Աղբիւրը` Ազդակ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2023, 08:00