Որոնել

2021.02.05 Delegazione croce rossa internazionale in Nagorno Karabakh

Ատրպէյճանի Կարմիր Մահիկը կը խախտէ կազմակերպութեան սկզբունքները. Հայկական Կարմիր Խաչ

Ատրպէյճանի Կարմիր մահիկի ընկերութիւնը կը խախտէ Կարմիր Խաչի եւ Կարմիր Մահիկի միջազգային շարժման հիմնարար սկզբունքները, նախ եւ առաջ՝ չէզոքութեան սկզբունքը, եւ կը ներգրաւուի քաղաքական գործընթացին մէջ՝ բարձրաձայնելով իր կառավարութեան դիրքորոշումը, այն է՝ փակ պահել Լաչինի միջանցքը, նաեւ՝ այսպէս կոչուած այլընտրանքային ուղիներ առաջարկելու միջոցով
Ունկնդրէ լուրը

Հայկական Կարմիր Խաչի ընկերութիւնը յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի Կարմիր մահիկի ընկերութիւնը կը խախտէ Կարմիր Խաչի եւ Կարմիր Մահիկի միջազգային շարժման հիմնարար սկզբունքները, նախ եւ առաջ՝ չէզոքութեան սկզբունքը, եւ կը ներգրաւուի քաղաքական գործընթացին մէջ՝ բարձրաձայնելով իր կառավարութեան դիրքորոշումը, այն է՝ փակ պահել Լաչինի միջանցքը, նաեւ՝ այսպէս կոչուած այլընտրանքային ուղիներ առաջարկելու միջոցով:

«Ներկայ պահին Ադրբեջանը նաեւ օգտագործելով Կարմիր Մահիկի ընկերութիւնը՝ փորձում է խոչընդոտել ԿԽՄԿ որպէս միակ մարդասիրական միջազգային կազմակերպութեան գործունէութիւնը Լեռնային Ղարաբաղում: Դրա վառ վկայութիւնն է Վագիֆ Խաչատրեանի առեւանգումը անցակէտում ԿԽՄԿ ուղեկցութեամբ Հայաստան՝ վիրահատութեան նպատակով տեղափոխուելու ճանապարհին: Վերջինս առեւանգուեց, երբ գտնւում էր միջազգային մարդասիրական իրաւունքի պաշտպանութեան ներքոյ: 2023 թուականի Յուլիսի 26ից Հայաստանից ուղարկուած մարդասիրական բեռը կանգնած է Հակարի կամրջի մօտ: Ադրբեջանի Կարմիր Մահիկը կարող էր օգտագործել իր «մարդասիրական ներուժը», համոզելու Լաչինի միջանցքը փակած եւ մարդասիրական աղէտ առաջացրած կողմին բացելու այն՝ յարգելով մարդասիրական սկզբունքները», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: 

Լուսարձակի տակ կ՛առնուի նաեւ այն, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն իր 25 Յուլիսի յայտարարութեամբ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց Արցախի մէջ ահագնացող մարդասիրական իրավիճակին վրայ, որ ներկայացուեցաւ նաեւ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ՄԱԿի Մարդասիրական հարցերու համակարգման գրասենեակի (OCHA) ներկայացուցիչին կողմէ: «Այսպիսով, աւելի քան հրատապ է դառնում ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2023 թուականի Փետրուարի 22ի եւ Յուլիսի 6ի որոշումների անյապաղ իրականացումը», կը յայտարարէ Հայկական Կարմիր Խաչը՝ կոչ ուղղելով Կարմիր Խաչի միջազգային շարժման բաղկացուցիչներուն՝ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին, Կարմիր Խաչ եւ Կարմիր Մահիկ ընկերութիւններու միջազգային դաշնակցութեան եւ Ատրպէյճանի Կարմիր Մահիկի ընկերութեան՝ անշեղօրէն հետեւելու եւ հաւատարիմ մնալու շարժման սկզբունքներուն:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2023, 08:17