Որոնել

2023.02.09 Bkerke - Libano -Messa Patriarca Maronita Card.Bechara Rai - Festa San Maroun

Ռայի պատրիարքը խստիւ քննադատեց այն պատասխանատուները, որոնք կ՛արգելակեն Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը

«Անոնք երկխօսութեան ետին կը թաքնուին, մինչդեռ սահմանադրական միակ լուծումը կը կայանայ խորհրդարան ուղղուելուն եւ հանրապետութեան նախագահ ընտրելուն մէջ: Այսպիսով է, որ կարելի կ՛ըլլայ վերջ տալ Լիբանանի ժողովրդավարական, խորհրդարանական եւ քաղաքակիրթ պատկերը աղաւաղող գայթակղութեան», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ երեկոյեան Զուք Մուսպեհի մէջ նախագահեց Եսուհ Մալաք վանքի վերանորոգուած եկեղեցւոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի արձանի լուսաւորման առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի:

Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը ողջունեց բարեսիրական, կրթական, բժշկական եւ բարգաւաճման բոլոր հաստատութիւնները, որոնք մարդ արարածի բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան կը ծառայեն:

Ան դրուատեց նաեւ այն անձնական նախաձեռնութիւնները, որոնք բարերարները կը կատարեն` նեցուկ կանգնելու համար մարդ արարածին ծառայող այս հաստատութիւններուն:

Ան ցաւ յայտնեց, որ քաղաքացիական հաստատութիւնները կ՛անտեսեն այդ հաստատութիւնները եւ զանոնք տարիներ շարունակ կը զրկեն նիւթական հատուցումներէ` առանց պատասխանատուութեան դոյզն գիտակցութեան, մինչդեռ անոնք իւրացուցած եւ յափշտակած են պետական գանձարկղը:

Ռայի պատրիարքը խստիւ քննադատեց այն պատասխանատուները, որոնք կ՛արգելակեն հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեամբ կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանը առողջ հունի վրայ զետեղել:

«Անոնք երկխօսութեան ետին կը թաքնուին, մինչդեռ սահմանադրական միակ լուծումը կը կայանայ խորհրդարան ուղղուելուն եւ հանրապետութեան նախագահ ընտրելուն մէջ: Այսպիսով է, որ կարելի կ՛ըլլայ վերջ տալ Լիբանանի ժողովրդավարական, խորհրդարանական եւ քաղաքակիրթ պատկերը աղաւաղող գայթակղութեան», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2023, 08:05