Որոնել

2023.08.29 Artsakh: Crisi alimentare - Popolazione senza pane

Արցախի մէջ Արտադրուող Հացի չափը առաւել եւս նուազեցաւ

Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտարարեց Արցախի «Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամ»ը՝ նշելով, որ այսօր եւ վաղը կը նախատեսուի իւրաքանչիւր ընտանիքի վաճառել մէկական հաց:

Արցախի մէջ ցորենի աճող սղութեան պատճառով` յատկապէս Ստեփանակերտի մէջ, 29 Օգոստոսին, արտադրուող հացին քանակը առաւել եւս նուազեցաւ:

Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտարարեց Արցախի «Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամ»ը՝ նշելով, որ այսօր եւ վաղը կը նախատեսուի իւրաքանչիւր ընտանիքի վաճառել մէկական հաց:

«Պետական եկամուտների կոմիտէի, ոստիկանութեան եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները հացի արտադրամասերում վերահսկելու են հացի բաշխման գործընթացը: Միեւնոյն ժամանակ աշխատանքներ են տարւում եգիպտացորենի ալիւրի պատրաստման եւ հացի արտադրման ուղղութեամբ, սակայն առկայ տեղումների պատճառով եգիպտացորենի լայնածաւալ հունձի աշխատանքները մի քանի օրով յետաձգուել են», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2023, 07:58