Որոնել

Արամ Ա վեհափառ հայրապետն ու Պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը Արամ Ա վեհափառ հայրապետն ու Պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը 

«Վատիկանի շարունակուող զօրակցութիւնը կարեւոր է Արցախին համար» Նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի միջեւ յարաբերութեան առնչուած եւ այլ միջեկեղեցական հարցեր:
Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 7 օգոստոս 2023-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, վեհափառ հայրապետը ընդունեց պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի միջեւ յարաբերութեան առնչուած եւ այլ միջեկեղեցական հարցեր:

Վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով պապական նուիրակին ուշադրութեան յանձնեց աւելի քան 8 ամիսներէ ի վեր Ազրպէյճանի կողմէ շրջափակումի ենթարկուած Արցախի պարզած ներկայ կացութիւնը: Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց, թէ «հայ եկեղեցին ու հայ ազգը միշտ երախտապարտ եղած են Հայաստանի ու Արցախի գծով Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս պապին եւ ընդհանրապէս Վատիկանի զօրակցական կեցուածքներուն ու արտայայտութիւններուն նկատմամբ: Գիտենք, որ պապը Արցախի շրջափակման առիթով իր մտահոգութիւնը յայտնած էր ու շեշտած` կարելի փութով անոր վերջ տալու անյետաձգելի հրամայականը»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մեր ազգին ջերմ սպասումն է, որ Արցախի նկատմամբ Վատիկանը շարունակէ զանազան կերպերով իր զօրակցութիւնը արտայայտել, յատկապէս միջազգային շրջանակներուն մէջ»:

Պորճիա եպիսկոպոսը, մօտէն տեղեակ ըլլալով Արցախի հարցին, խոստացաւ վեհափառ հայրապետին մտածումներն ու սպասումները շուտով փոխանցել Վատիկանին:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2023, 08:32