Որոնել

2023.08.30 Aram I incontra Ambasciatore USA in Libano

«Հայ Ժողովուրդը մտահոգ է ու պահանջատէր Արցախի գծով» շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոսը ԱՄՆ-ի դեսպանին հետ հանդպումի ընթացքին

Վեհափառ հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ Արցախի պարզած ներկայ վիճակին` յայտնելով, որ «Արցախի տագնապը սոսկ մարդասիրական տագնապ ըլլալէ անդին իր էութեամբ քաղաքական խնդիր է Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքին առնչուած»

Երեքշաբթի, 29 օգոստոս 2023-ին, աւելի քան ժամ մը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու  դեսպան Տորըթի Շիային հետ:

Վեհափառ հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ Արցախի պարզած ներկայ վիճակին` յայտնելով, որ «Արցախի տագնապը սոսկ մարդասիրական տագնապ ըլլալէ անդին իր էութեամբ քաղաքական խնդիր է Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքին առնչուած»: Ապա, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ «Ազրպէյճան մարդասիրական տագնապ ստեղծեց աւելի քան 120.000 ժողովուրդ սովի մատնելով, որպէսզի կարենայ ինքնորոշման անոր իրաւունքը մոռացութեան դատապարտել կա՛մ Արցախը իր հայ բնակչութենէն պարպելով եւ կա՛մ սովի ու ցեղային խտրականութեան ենթարկելով անոր հայ բնակչութիւնը»: Գնահատելով Միացեալ Նահանգներուն ցուցաբերած զանազան ձեւի զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին, Հայաստանին եւ Արցախին նկատմամբ` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը կը սպասէ աւելին: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ յատկապէս սփիւռքի հայութեան խոր ընդվզումին եւ զանազան գաղութներու մէջ տեղի ունեցող բողոքի արտայայտութիւններուն:

Դեսպանը մօտէն ծանօթ ըլլալով Արցախի հարցին, թէ՛ պատմական եւ թէ՛ քաղաքական երեսներուն, խոստացաւ վեհափառ հայրապետին մտածումները եւ սպասումները փոխանցել Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկումի նիւթ դարձաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը: Այս ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ տեղեկութիւններու եւ մօտեցումներու փոխանակում, յատկապէս շուրջ երեք ամիսներ առաջ վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին ունեցած հանդիպումէն ետք կատարուած զարգացումներու լոյսին տակ: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ անյապաղ ընտրութիւն կատարելու հրամայականը, որպէսզի կարելի ըլլայ պետութիւնը մղել բարեկարգութեան գործընթացի, յատկապէս ընկերային-տնտեսական մարզին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2023, 08:30