Որոնել

2023.08.25 Scoperta di grotte urardesi nel lago di Van

Վանայ Լիճի մակարդակի իջնելուն հետեւանքով յայտնաբերուած են ժայռափոր սենեակներ եւ դամբարաններ

Կ՝ենթադրուի, որ անոնք կը պատկանին ուրարտական շրջանին։

Անբնական տապին եւ տեղումներու պակասին հետեւանքով արդէն քանի տարի է, որ Վանայ լիճի մակարդակը զգալիօրէն կ՝իջնէ։

Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններով՝ ջուրի մակարդակի իջնելուն հետեւանքով լիճի Էրճիշ շրջանին մէջ յայտնաբերուած են ժայռափոր սենեակներ եւ դամբարաններ։ Կ՝ենթադրուի, որ անոնք կը պատկանին ուրարտական շրջանին։

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ որոշ ժամանակ առաջ Վանայ լիճի մակարդակի նուազման հետեւանքով Ատըր կղզիին շրջակայքը ի յայտ եկած էր մօտ 100 տարուան վաղեմութեան փայտէ տախտակամած, որուն երկարութիւնը կը հասնէր 2 մեթրի։

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2023, 08:00