Որոնել

2023.02.22 Convoglio Russo porta aiuti umanitari in Artsakh

Արցախի եւ Ռուսիոյ 41 քաղաքացիներ Արցախէն Հայաստան փոխադրուեցան

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ խոչընդոտել բազմաթիւ անձերու երկկողմ տեղաշարժը:

14 Յունիսէն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով Ռուսիոյ խաղաղապահներուն կողմէ կատարուեցաւ Արցախէն Հայաստան Արցախի եւ Ռուսիոյ քաղաքացիներու տեղափոխութիւն՝ այս անգամ 41 անձերու։ Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտարարեց Արցախի կառավարութեան ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին հետ համագործակցութեան ապահովման կեդրոնը:

Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ տեղափոխուած Ռուսիոյ քաղաքացիները շատոնց կը սպասէին իրենց տեղափոխութեան, իսկ Արցախի բնակիչները ուսանողներ են, որոնք ընդունուած են Հայաստանի եւ արտասահմանեան համալսարաններ: Ըստ խաղաղապահներուն հետ ձեռք բերուած նախնական համաձայնութեան` յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուի ուսանողներու եւ Ռուսիոյ քաղաքացիներու տեղափոխութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ խոչընդոտել բազմաթիւ անձերու երկկողմ տեղաշարժը:

«Այս պահի դրութեամբ, հարիւրաւոր քաղաքացիներ Հայաստանում սպասում են Արցախ վերադարձին, շտապ եւ պլանային առողջական հիմքերով 333 անձ հերթագրուած է Կարմիր խաչի միջոցով Հայաստան տեղափոխուելու համար` չհաշուած հումանիտար (մարդասիրական), աշխատանքային եւ այլ նպատակներով երկկողմանի տեղաշարժի անհրաժեշտութիւնը հազարաւոր անձանց մօտ: Ադրբեջանական կողմը շարունակում է նուաստացուցիչ պայմաններ ստեղծել Հակարիի կամրջի մօտ տեղակայուած ապօրինի անցակէտում` ի լրումն Արցախի քաղաքացիների նկատմամբ անօրինական հսկողութեան ու խոչընդոտների: Մասնաւորապէս, անձանց կամքին հակառակ` ադրբեջանցիները եւ իրենց հրաւիրած լրագրողները հերթական անգամ նկարահանել են նրանց դէմքերը եւ օգտագործել քարոզչական նպատակներով», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Բացի այդ, ատրպէյճանական կողմը չէ արտօնած Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի ինքնաշարժներուն՝ անցնիլ Հակարիի կամուրջը` ստիպելով ուղեւորները իրենց բեռներով հետիոտն անցնիլ կամուրջը։ Անկէ ետք անոնք Գորիսէն եկած ինքնաշարժներով շարունակած են ճամբան։ Այս մասին յայտնեցին Արցախէն` հրապարակելով նաեւ տեսանիւթ մը:

«Ադրբեջանական ապօրինի անցակէտով քաղաքացիների անցումը որեւէ կերպ չի փոխում Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան դիրքորոշումը Լաչինի միջանցքում գործող այդ անցակէտի եւ ադրբեջանական մնացած խոչընդոտների վերաբերեալ: Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը շարունակում է պնդել, որ պէտք է ամբողջութեամբ վերականգնուի անձանց, մեքենաների ու բեռների անխափան ու երկկողմանի տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով` առանց ադրբեջանական որեւէ միջամտութեան` համաձայն 2020թ. Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան եւ ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2023թ. Փետրուարի 22ի եւ Յուլիսի 6ի հրամանների», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։

Ասոր զուգահեռ, Արցախի տեղեկատուական շտաբը հաղորդեց, որ 22 Օգոստոսէն ի վեր շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի մայրաքաղաքի շուկայ պիտի հանուի յաւելեալ քանակութեամբ մսամթերք` տաւարի եւ խոզի միսի 1 քիլոկրամը առաւելագոյն արժէքը 4000 դրամով։

Նշուեցաւ, որ միջոցներու կը ձեռնարկուին նաեւ հացի ծաւալները կարելի եղածին չափ աւելցնելու ուղղութեամբ։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2023, 08:26