«Save the Children»ը կը յորդորէ դադրեցնել ողկուզային զինամթերքի կիրառումը
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
ՄԱԿի մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակը (Save the Children), որ հարիւր տարիէն աւելի կը պայքարէ վտանգի տակ գտնուող մանուկներուն փրկելու եւ անոնց ապագայ երաշխաւորելու համար, ԱՄՆ կողմէ անցեալ ուրբաթ օրը՝ 7 Յուլիսին, Ուքրանիոյ ռազմական օգնութեան մասին յայտարարութեան համատեքստէն ներս, նորոգած է պայթուցիկ զէնքերու վտանգին ուշադրութիւն սեւեռելու իր կոչը ՝ վճռականօրէն յորդորելով բոլոր կողմերուն դադրեցնել ողկուզային զինամթերքի կիրառումը։
Մանուկներուն անհրաժեշտ է, որ աշխարհը միաւորուի՝ հասկնալու համար այդ զէնքի վտանգները
Աւելին՝ Կազմակերպութիւնը կոչ ըրած է բոլոր երկիրներուն վաւերացնել «Ողկուզային զինամթերքի մասին» համաձայնութիւնը: Այդ մասին յայտարարած է ԱՄՆ «Save the Children»ի փոխնախագահ Քրիսթի Կլիզոնը, որ շարունակած է թէ․ «Մանուկներուն անհրաժեշտ է, որ աշխարհը միաւորուի՝ հասկնալու համար այդ զէնքի վտանգները, արգիլելու անոնց օգտագործումը եւ վերացնելու այդ զէնքերը ամենուր, ուր որ կը գտնուին»:
Անդրադառնալով ի մասնաւորի Ուքրանիոյ պատերազմին Save the Children-ը շեշտած է խաղաղ բնակիչներու եւ յատկապէս մանուկներու համար ողկուզային զինամթերքի կիրառումի վտանգը, որոնցմէ մաս մը յաճախ չպայթելով կը սփռուի ընդարձակ տարածքներուն վրայ։ Շատ երեխաներ կը սպաննուին կամ կը խեղուին, երբ անմեղ կերպով հետաքրքրութենէ դրդուած իրենց ձեռքը կ’առնեն այդ ռումբերը, յարած է Քրիսթի Կլիզոնը։ Այդ հանգամանքէն դրդուած Մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակը Ուքրանիոյ դպրոցներէն ներս կը կազմակերպէ դասընթացներ՝ իրազեկելով ականներու եւ պայթուցիկ այլ նիւթերու վտանգի մասին:
ԱՄՆ որոշումը մեծ աղմուկ ստեղծած է միջազգային հանրութեան մէջ
Վերադառնալով ԱՄՆ կողմէ Ուքրանիոյ ռազմական օգնութեան նիւթին նշենք, որ Վոլոտիմիր Զելենսքիի խնդրանքի համաձայն նախագահ Ճօ Պայտընի որոշումը Ուքրանիոյ «ողկուզային զինամթերք» մատակարարելու մասին, մեծ աղմուկ ստեղծած է միջազգային հանրութեան մէջ։ ՄԱԿը եւ եւրոպական երկիրներու մեծ մասը դէմ արտայայտուած է այդ որոշումին։
Նիւթին անդրադարձած է նաեւ Archivio Disarmo միջազգային հետազոտութիւններու հաստատութեան փոխնախագահ եւ համահիմնադիր Մաուրիցիօ Սիմոնչելլին Վատիկան նիուզին տրուած իր հարցազրոյցի մէջ, ուր ան շեշտած է թէ «սպառազինութիւններու այս համակարգը երկար ատեն բանավէճի առարկայ եղած է եւ դեռևս կը հանդիսանայ, որովհետև անոր մաս կազմող փոքր ռումբերու 25էն 40 առ հարիւրը չեն պայթիր եւ կը մնան ռազմական գործողութիւններու տարածքին վրայ»՝ վտանգելով խաղաղ բնակչութեան կեանքը։
Ողկուզային զինամթերքի զոհերու 80 առ հարիւրը խաղաղ բնակիչներ են
Ըստ Սիմոնչելլիի այդ ռումբերը կործանարար ազդեցութիւն ունին անգամ հակամարտութեան աւարտէն տարիներ անց, որու հետեւանքով զոհերու 80 առ հարիւրը՝ տարեկան 5-6 հազարը, խաղաղ բնակիչներ են եւ որուն կ’աւելնայ խեղուած անձերու թիւը»։
Archivio Disarmo հաստատութեան համահիմնադիրը ապա նշած է, որ 2008ին Օսլոյի մէջ ստորագրուած ՄԱԿի «Ողկուզային զինամթերքի մասին» համաձայնագիրով արգիլուած է այդ զէնքի օգտագործումը, որուն միացած են 123 երկիրներ։ Չեն միացած սակայն 70ը, անոնց մէջ՝ ԱՄՆ, Ռուսաստանը, Չինաստանը, Իսրայէլը, Բրազիլը, Սաուտեան Արապիան, Հնդկաստանը եւ Ուքրանիան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ