Որոնել

ARMENIA-AZERBAIJAN-KARABAKH-CONFLICT-DEMO

Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ այցելեցին Կոռնիձոր

Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական կազմի եւ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ իրենց կարցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ կառավարութեան հրաւէրով, 28 Յուլիսին այցելեցին մարդասիրական շարասիւնի հատուածը: Բեռնատարները բացուեցան օտար դիւանագէտներուն ներկայութեան եւ անոնք պարփակուող ծանօթացան ապրանքներուն:

Երկրորդ օրն է որ դէպի պաշարուած Արցախ մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող բեռնատարները անշարժ կանգնած են Կոռնիձորի մէջ` Լաչինի միջանցքի սկիզբը:

Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ, մարդասիրական բեռը պէտք է տեղափոխուէր ռուս խաղաղապահ զօրակազմին միջոցով: Ռուսական կողմէ պատասխան չկայ տակաւին:

«Այս պահի դրութեամբ դրական զարգացումներ, ցաւօք սրտի, չկան», ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան։

Ան բեռնատարներու դիմաց կանգնած՝ յայտարարեց, որ անոնք պիտի շարունակեն հոն մնալ այնքան, որքան անհրաժեշտ է` չյստակացնելով, սակայն, խօսքը օրերու թէ շաբաթներու մասի՞ն է կամ արդեօք քննարկուա՞ծ է այլ բեմագրութիւն:  «Մենք շարունակելու ենք աշխատանքներ տանել որպէսզի, ի վերջոյ, Ադրբեջանը կեանքի կոչի այն պարտաւորութիւնները, որոնք ինքը միջազգայնօրէն ստանձնել է», դիտել տուաւ Կոստանեան՝ աւելցնելով. «Պիտի փորձենք մեզ հասու բոլոր քաղաքական միջոցներով ապահովել Լաչինի միջանցքի բացումը: Բեռնատարները այս պահին շարունակելու են մնալ այստեղ»։

Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական կազմի եւ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ իրենց կարցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ կառավարութեան հրաւէրով, 28 Յուլիսին այցելեցին մարդասիրական շարասիւնի հատուածը: Բեռնատարները բացուեցան օտար դիւանագէտներուն ներկայութեան եւ անոնք պարփակուող ծանօթացան ապրանքներուն:

«Նրանք այստեղ են տեղում տեսնելու իրավիճակը, տեսնելու, որ հումանիտար (մարդասիրական)բեռը, որ նախատեսուած է մեր արցախահայերի համար, դեռ կանգնած է: Եւ ի հեճուկս Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան ու ՄԱԿի Միջազգային դատարանի իրաւաբանօրէն պարտադիր ուժ ունեցող որոշումների շարունակում է կանգնած մնալ եւ Ադրբեջանն արգելափակում է Լաչինի միջանցքով բեռների անխափան մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ», ըսաւ Կոստանեան։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հայկական կողմէ եղա՞ծ է նախաձեռնութիւն՝ անձամբ դիմելու Ատրպէյճանին՝ այս բեռները Ստեփանակերտ հասցնելու համար՝ Կոստանեան ըսաւ. «Նման նախաձեռնութիւն չի եղել: Սակայն, այս ամիսների ընթացքում` Դեկտեմբերից սկսած, բոլոր հանդիպումների ժամանակ մշտապէս հայկական կողմը բարձրացրել է Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման հարցը»:

«Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ քաղցած, դեղորայքի անհրաժեշտութիւն ունեցող մարդիկ այն կողմում են, բեռներն այս կողմում: Կարող էք տեսնել ձեր աչքերով, թէ ինչպէս են իրենք եկել կամրջի վրայ փակել ճանապարհը», ըսաւ Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեան:

Ան եւս դիւանագէտներուն ներկայացուց տեղւոյն վրայ ստեղծուած իրավիճակը՝ ըսելով. «Ինչպէս տեսնում էք, մեքենաներն այստեղ կանգնած են եւ անհնար է դառնում այս հումանիտար բեռների տեղափոխումը սահմանից այն կողմ, դէպի 120 հազար բնակիչները»:

Ատրպէյճան կը խօսի համարկման մասին` սովամահութեա՞ն ճամբով՝ հարցուց Ղուկասեան եւ աւելցուց՝ ըսելով. «Ամբողջ երկայնքով` կարմջի մօտ տեղակայուած են իրենց զօրքերը: Այն մօտեցումը, որ մարդկանց ու երեխաներին սոված պահելու միջոցով ինչ-որ նպատակի են հասնում, չի կարող ընդունելի լինել ժամանակակից աշխարհում»:

Կարգ մը դեսպաններ, որոնց կարգին Միացեալ Նահանգներու, 27 Յուլիսին արդէն կոչ ուղղեցին բոլոր պատասխանատու կողմերուն՝ ապահովելու Լաչինի միջանցքի անխափան աշխատանքը` Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներուն համապատասխան:

Ճամբան բանալու յորդորներէն բացի, արդեօք արտաքին գերատեսչութենէն դեսպաններուն հետ քննարկուա՞ծ է Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրարկելու հարցը հարցումին պատասխանելով՝ Կոստանեան ըսաւ. «Մենք բարձրաձայնում ենք Ադրբեջանի նկատմամբ քայլեր ձեռնարկելու կարեւորութիւնը, ինչը թոյլ կը տայ Ադրբեջանին աւելի կառուցողական դաշտ բերել ու անհրաժեշտ է, որպէսզի միասնական ճակատով միջազգային հանրութիւնը հանդէս գայ եւ յստակ ոչ միայն ազդակներ ուղղի Ադրբեջանի իշխանութիւններին, այլ նաեւ անհրաժեշտութեան պարագայում քայլեր ձեռնարկի, որոնք թոյլ կը տան ապահովել Լաչինի միջանցքով հումանիտար բեռի եւ ընդհանրապէս մարդկանց բեռների ու մեքենաների անխափան անցումը»:

Դիւանագէտները Սիւնիքի մէջ նաեւ հանդիպում ունեցան տեղահանուած արցախցիներու հետ. հանդիպումը փակ էր՝ մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2023, 08:01