Լիբանանցի պատասխանատուներուն ուղղելով իր խօսքը` «Նախագահական ընտրութիւն չկատարելը գերագոյն դաւաճանութիւն կը նկատուի» շեշտեց Ռայի Պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքարքաշայի Մար Նոհրա եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Առաքելական յորդորակը զիրենք կը զետեղէ պատմական եւ գոյութենական պատասխանատուութեան դիմաց:
Այս առիթով Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ թնճուկները հանգուցալուծելու բանալին նախագահական ընտրութիւնն է` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւն չկատարելը գերագոյն դաւաճանութիւն կը նկատուի:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահեց հոգեհանգստեան պատարագի մը` նուիրուած Պշարրէի մէջ անարգ ոճիրի զոհ գացած Հայսամ եւ Մալեք Թաուքերու յիշատակին:
Այս առիթով Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ իրենք տակաւին կը սպասեն, որ դատական իշխանութիւնները իրենց խօսքը ըսեն Քըրնեթ Սաուտայի ոճիրին գծով:
«Մենք բոլորս յանձնառու ենք դատական իշխանութիւններու, բանակի եւ ապահովական կառոյցներու որոշումին, որովհետեւ անոնք են, որոնք կը հսկեն անխտիր բոլոր քաղաքացիներուն անվտանգութեան:
«Հայսամ եւ Մալեք Թաուքերը զոհ գացին վարչական եւ դատական որոշումներու խախտումին, որոշումներ, որոնք տրուած են 1998-ին` կենսոլորտի նախարարութեան կողմէ, եւ 1919-ին տրուած հիւսիսային Լիբանանի Մաքմել լեռներու յատուկ դատական իշխանութիւններուն կողմէ: Վերոնշեալ որոշումները կ՛արգիլեն Քըրնեթ Սաուտայի լերան վրայ եւ ստորերկրեայ աշխատանքները` կոչ ուղղելով քաղաքական անձնաւորութիւններուն վերջ տալու Քըրնեթ Սաուտայի վրայ կատարուած աշխատանքներուն, յատկապէս արուեստական լիճեր ստեղծելու փորձերուն», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ նախագահական դատարկութեան փուլը երկարաձգելը դիտումնաւոր կերպով կը կատարուի` աւելցնելով, որ անիկա բացասական հսկայ ազդեցութիւններ պիտի ունենայ բանակին եւ ապահովական կայունութեան վրայ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ