Որոնել

2023.04.08 Manifestazione pacifica delle donne dell'Artsakh

«Արցախի ժողովուրդը, 30,000 երեխաները չեն կարող լինել Արեւմուտք-Ռուսաստան հակադրութեան զոհը». Արցախի Պետական Նախարար

Արցախի ժողովուրդը, ստանձնելով հայրենապահպանութեան իր բաժին պատասխանատուութիւնը, աշխարհին եւ համայն հայութեանը վերահաստատել է, որ հայրենիքում արժանապատուօրէն ապրելու մեր իրաւունքը անսակարկելի է, այդ իրաւունքի համար արցախցին վճարել է ամենաթանկով: Կեանքի դժուարին պայմանները, սննդի պակասը, ցուրտն ու մութը չեն կարող պարտադրել մեզ հրաժարուել մեր ինքնութիւնից, արժանապատուութիւնից, սեփական ճակատագիրը տնօրինելու, խաղաղ ու անվտանգ միջավայրում ապրելու պարզագոյն մարդկային իրաւունքներից:

Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան 13 Յուլիսին հրապարակեց կոչ մը՝  համաժողովրդային անժամկէտ շարժման սկսելու մասին եւ հրաւիրեց համայն հայութիւնը՝ միանալու արցախահայութեան: Ան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդը պատանդ առնելուն եւ Հայաստանի հետ կապող ճամբան փակելուն պատճառով, մարդասիրական իրավիճակը օրէ օր կը վատթարանայ Արցախի մէջ, իսկ եթէ կացութիւնը այդպէս շարունակուի, պիտի արձանագրուին ծանր եւ անդառնալի հետեւանքներ. որոնց թոյլ չտալու նպատակով, 14 Յուլիսէն պիտի սկսին համաժողովրդական անժամկէտ շարժումի:

Խօսքը ուղղելով արցախցիներուն եւ աշխարհասփիւռ հայութեան՝ նախարարը ըսաւ. «Արցախի Հանրապետութիւնը 2020թ. Սեպտեմբերի 27ից լրջագոյն փորձութիւնների մէջ է: Մեր ժողովուրդը ստիպուած եղաւ որերորդ անգամ ենթարկուել ջարդերի, խոշտանգումների, տարհանման ու տառապանքների: 2022թ. Դեկտեմբերի 12ից այդ ամէնին գումարուեց Արցախի շրջափակումը՝ Արցախը Հայաստանին կապող զարկերակի, կեանքի ճանապարհի արգելափակումը:  Այդ օրուանից սկսած՝ Արցախի ժողովուրդն անցել է բազմաթիւ փորձութիւնների միջով, պահպանել է իր դէմքն ու արժանապատուութիւնը: Արցախի ժողովուրդը, ստանձնելով հայրենապահպանութեան իր բաժին պատասխանատուութիւնը, աշխարհին եւ համայն հայութեանը վերահաստատել է, որ հայրենիքում արժանապատուօրէն ապրելու մեր իրաւունքը անսակարկելի է, այդ իրաւունքի համար արցախցին վճարել է ամենաթանկով: Կեանքի դժուարին պայմանները, սննդի պակասը, ցուրտն ու մութը չեն կարող պարտադրել մեզ հրաժարուել մեր ինքնութիւնից, արժանապատուութիւնից, սեփական ճակատագիրը տնօրինելու, խաղաղ ու անվտանգ միջավայրում ապրելու պարզագոյն մարդկային իրաւունքներից: Այս փորձութիւնները, դառնութիւններն ու տառապանքները արցախցին կրել ու այսօր էլ կրում է Մայր Հայաստանի, աշխարհասփիւռ հայութեան ու միջազգային հանրութեան աչքի առաջ»: 

Յիշելով, որ 1 Մարտ 2023էն, երբ ինք ստանձնեց Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի պաշտօնը՝ Ներսիսեան յայտնեց, որ օրէ օր աւելի ծանր ու բարդ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման գտնուեցաւ Արցախը, սակայն Լաչինի անցակէտի ամբողջական շրջափակումէն ետք կացութիւնը աւելի մտահոգիչ դարձաւ, որովհետեւ արտաքին պաշարներէ բոլորովին զրկուած Արցախը 29 օրերէ ի վեր կը սպառէ ներքին պաշարները, իսկ արցախցին կ՛ապրի տարրական կենսապայմաններու բացակայութեամբ: «Ակնյայտ է, որ մեր ռեսուրսներն (միջոցները) անսպառ չեն եւ որքան էլ դրանք օգտագործուեն խնայողաբար, միեւնոյն է՝ դրանք մի օր սպառուելու են, իսկ այդ ժամանակ մենք ունենալու ենք աղէտալի ու անդառնալի կորուստներ ու հետեւանքներ: Խօսքը ամենեւին հացի մասին չէ. բարեբախտաբար, բազմաչարչար արցախցին կարողացել է ինքնակազմակերպուել ու իր աշխատանքով ապահովել նուազագոյն կարիքները, բայց հանրութեան տարրական կենսագործունէութեան համար անհրաժեշտ միւս պարագաների սահմանափակ քանակն ու Արցախ ներկրելու յանցաւոր արգելափակումը արդէն լրջագոյն սպառնալիքներ ու խնդիրներ են յարուցում», ըսաւ Ներսիսեան՝ աւելցնելով. «Դիմում եմ միջազգային հանրութեանը, Արցախում իրավիճակը օրհասական է, օրեր անց ունենալու ենք անդառնալի հետեւանքներ: Արցախի ժողովուրդը, 30,000 երեխաները չեն կարող լինել Արեւմուտք-Ռուսաստան հակադրութեան զոհը կամ սակարկութիւնների առարկա-հարթակը: Սա մի խնդիր է, որի լուծման միակ ճանապարհը Արցախում ապրող ժողովրդի անվտանգութիւնը, իրաւունքները, այդ թւում` ինքնորոշման իրաւունքը գերակայ արժէք ճանաչելն է: Եթէ Արցախի խաղաղասէր ու ստեղծագործ ժողովրդի համար այս ակնկալիքը նման է հրաշագործութեան սպասումի, ապա իրականում դա ոչ թէ պարզամտութիւն է, այլ համոզուածութիւն, որ աշխարհն ու մարդկութիւնը դեռեւս վերջնականապէս չեն կորցրել իրենց իրական դէմքն ու դերակատարութիւնը: Եթէ Արցախի ժողովրդին ուշադրութիւն դարձնելու դիմաց ենթադրուող գինը մարդկային կորուստներն ու տառապանքներն են, ապա մենք հերթական անգամ դրան արդէն շատ մօտ ենք: Մեր ժողովուրդը վերջին երեք տասնամեակում բաւականին շատ կորուստներ ու տառապանքներ է տեսել, սթափուէ՛ք եւ միջամտութեան հիմքեր ունենալու համար մի՛ սպասէք մարդկային կեանքերի կործանման նոր դէպքերի, կանգնեցրէ՛ք գահավիժող այս արհաւիրքը քանի ուշ չէ, ստանձնէ՛ք մարդկութեան անբաժանելի մասը հանդիսացող մեր ժողովրդի կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան հանդէպ ձեր բաժին պատասխանատուութիւնը: 

Ներսիսեան դիտել տուաւ, որ Արցախի ժողովուրդը երկար ատեն կ՛ապրի այսպիսի պայմաններու մէջ, կը դիմանայ, սակայն միշտ հարց կու տայ՝ մինչեւ ե՞րբ, երբ մարդիկ բժշկական տարրական հոգատարութենէ, դեղէ զրկուած են:  «Ո՛չ, սիրելի՛ արցախցիներ, անթոյլատրելի է լուռ եւ պասիւ (կրաւորական) վարքագծով այդ ամէնին ընդառաջ գնալը: Որքան էլ դառը կամ սահմռկեցուցիչ թուայ, այդուհանդերձ, Ադրբեջանը Հայաստանի Հանրապետութեան, համայն հայութեան, եռակողմ յայտարարութեան երաշխաւոր Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ միջազգային հանրութեան լռութեան ու գրեթէ անգործութեան ներքոյ մեզ տանում է նշածս հանգրուանը: Ես վստահաբար համոզուած եմ, որ Արցախի ժողովուրդը այդ ամէնին արժանի չէ եւ չի կարելի նրան նման փորձութիւնների ենթարկել: Ուստի, պէտք է սթափուել ու ոտքի կանգնել»: 

Մինչ այդ 13 Յուլիսին Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան գլխաւորեց Ապահովութեան խորհուրդի նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Արցախի լիակատար շրջափակման խորացող հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը:

Ան շեշտեց, որ արտաքին քաղաքական դաշտին մէջ ի գործ դրուած ջանքերը եւ Արցախ-Հայաստան միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ տարբեր միջազգային կառոյցներէ ու պետութիւններէ հնչող կոչերը դրական արդիւնք չեն տուած:

«Ելնելով իրավիճակից՝ նախագահ Յարութիւնեանը տուել է մի շարք յանձնարարականներ՝ Հանրապետութեան կենսագործունէութեան ապահովման նպատակով առկայ ռեսուրսների վերաբաշխման, ներքին ու արտաքին անվտանգային խնդիրների լուծման ուղղութեամբ», կը նշուի կառավարութեան յայտարարութեան մէջ:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2023, 08:54