Որոնել

Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական ֆորում Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական ֆորում 

Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական ֆորումի բացման արարողութիւնը՝ Երեւանի մէջ

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական Ֆորումը Համազգայինի աւանդական ծրագիրներէն է: Անիկա աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ուսանող հայ համալսարանականները համախմբելու, ազգային արմատներուն ու մշակութային ժառանգութեան հաղորդակից դարձնելու, ազգային յանձնառութիւններ ներարկելու ձեռնարկ է:
Ունկնդրէ լուրը

Յուլիս 7-ին Երեւանի «Եւրոպա » հիւրանոցի դահլիճին մէջ կայացաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական ֆորումի բացման արարողութիւնը:

Բացման ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամներ Արտաշէս Շահբազեան, Արեւիկ Գաբրիէլեան, Արա Գէորգեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Սպարտակ Ղարաբաղցեան, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքէլեան, Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ Համազգայինի մասնաճիւղի ատենապետ Արթուր Փայտեան եւ նոյն մասնաճիւղի անդամ Բալիկ Գալէմքերեան:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական Ֆորումը Համազգայինի աւանդական ծրագիրներէն է:

Անիկա աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ուսանող հայ համալսարանականները համախմբելու, ազգային արմատներուն ու մշակութային ժառանգութեան հաղորդակից դարձնելու, ազգային յանձնառութիւններ ներարկելու ձեռնարկ է:

Այս տարի Համազգայինի ուսանողական ֆորումը տեղի կ՝ունենայ Յուլիս 7-19: Ֆորումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներէ (ԱՄՆ, Լիբանան, Սուրիա, Ֆրանսա…) ներկայացնող 17 հայ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ մասնակիցներ Հայաստանէն եւ Արցախէն:

Ծրագրի 11 օրերուն ընթացքին համալսարանական երիտասարդները առիթ պիտի ունենան հանդիպելու հայրենի մտաւորականներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու հետ, պիտի լսեն պատմամշակութային թեմաներով դասախօսութիւններ, իրենց հասակակիցներուն հետ պիտի քննարկեն ժամանակակից հայ երիտասարդները յուզող տարաբնոյթ խնդիրներ:

Համահաւաքի օրերուն Սփիւռքահայ ուսանողները պիտի հիւրընկալուին Երեւանի պետական համալսարանէն ներս, Մատենադարանէն, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանէն, ԹՈՒՄՈ-էն եւ տարբեր թանգարաններէ ներս, պիտի լսեն դասախօսութիւններ «Հայկական ճարտարապետութիւն», «Ազգային նուագարաններ» եւ այլ թեմաներով:

Ֆորումի մասնակիցները պիտի այցելեն նաեւ Գիւմրի` ճանչնալու Հայաստանի մշակութային քաղաքը իր տեսարժան ու պատմամշակութային վայրերով:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2023, 08:44