Որոնել

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահման Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահման  (AFP or licensors)

Մոսկուա կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին՝ ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքը

Հաւանական է մօտիկ ապագային տարածաշրջան այցելէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցելու հարցերով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւ:

Մոսկուա չափազանց անհանգիստ է Արցախի մէջ զինադադարի դրութեան յաճախակի խախտումներով եւ Լաչինի միջանցքի շարունակուող փակումով: Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Ըստ այժմու տեղեկատուութեան՝ տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական իրավիճակը կը վատթարանայ: Ցաւով ստիպուած ենք արձանագրել, որ մատակարարման դադրեցման պատճառով Ղարաբաղի բնակչութիւնը կրնայ մնալ առանց սննդամթերքի, առաջին անհրաժեշտութիւն նկատուող ապրանքներու եւ դեղորայքի պաշարներու», ըսաւ Զախարովա՝ շեշտելով, որ այդ կը հակասէ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնագիրներուն:

Զախարովա նաեւ կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին՝ ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքը: «Պաքուին եւ Երեւանին կոչ կ՛ուղղենք՝ բոլոր հարցերը լուծելու բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական ուղիով, ատրպէյճանական կողմին կոչ կ՛ուղղենք՝ ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքը, ապահովելու անոր միջոցով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու, բեռներու անարգել տեղաշարժը՝ քաղաքացիական նպատակներով», դիտել տուաւ ան:

Զախարովա նաեւ նշեց, որ Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահներուն գործողութիւնները պայմանաւորուած պիտի ըլլան տեղւոյն վրայ իրավիճակի զարգացումով եւ եռակողմ համաձայնութիւններով: Ըստ անոր՝ Մոսկուան կապի մէջ է կողմերուն հետ՝ տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար:

«Այդ կապերը կը շարունակուին քաղաքական մակարդակով, ինչպէս նաեւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին գծով: Եւ, անշուշտ, շատ բան կախեալ է կողմերէն, անոնց քաղաքական կամքէն եւ պատրաստակամութենէն՝ ընդառաջելու միմեանց: Մենք մեր կողմէ անհրաժեշտ բոլոր ջանքերը կը գործադրենք», ըսաւ Զախարովա:

Ան նաեւ նշեց, որ հաւանական է մօտիկ ապագային տարածաշրջան այցելէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցելու հարցերով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2023, 08:31