Որոնել

2023.06.16 Attacchi Azeri su Bredzor (Armenia - Artsakh)

Երեւան 400 թոն օգնութիւնը Արցախ հասցնելու հարցով կը սպասէ Պաքուի եւ Մոսկուայի պատասխանին

«Ազատութեան» թղթակիցը հաղորդեց, որ անոնք Հակարիի կամուրջին մօտէն չեն յառաջացած եւ ռուս խաղաղապահներուն չեն փոխանցուած բեռները։

Հայաստանէն դէպի Արցախ շուրջ 400 թոն մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող բեռնատարները արդէն շուրջ 24 ժամերէ ի վեր Սիւնիքի մարզի Կոռնիձորի հայկական անցակէտին մօտ կանգնած էն:

«Ազատութեան» թղթակիցը հաղորդեց, որ անոնք Հակարիի կամուրջին մօտէն չեն յառաջացած եւ ռուս խաղաղապահներուն չեն փոխանցուած բեռները։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 27 Յուլիսի կառավարութեան նիստին ընթացքին, թուարկելով, թէ ի՛նչ կայ 19 բեռնատարներուն մէջ` ալիւր, շաքապ, աղ, չոր ուտելիք՝ հարցուց, որ արդեօք նպատակը Արցախի ժողովուրդը սովին մատնելը եւ ցեղասպանութեան ենթարկե՞լն է: «Անկախ մեր գնահատականներից սակայն, մենք սպասում ենք Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախմբի Լեռնային Ղարաբաղում տեղակայուած, պաշտօնական Բաքուի դրական արձագանգին, որովհետեւ հումանիտար (մարդասիրական) բեռի մուտքը թոյլ չտալը ընդամէնը կը հաստատի Լեռնային Ղարաբաղում ցեղասպանութիւն իրականացնելու Բաքուի մտադրութեան մասին մտավախութիւնները», ըսաւ Փաշինեան:

Ան նաեւ պնդեց, որ մարդասիրական բեռներու Արցախ մուտքը պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատաման ջանքերուն: «Դրական քայլ կը լինի վստահութեան մթնոլորտի հաստատման ճանապարհին», ըսաւ ան:

Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի կառավարման աշխատանքային խումբի ներկայացուցիչ Վարդան Սարգսեան «Ազատութեան» յայտնեց, որ սահմանուած կարգով դիմած են Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերուն եւ համապատասխան օղակներով՝ ատրպէյճանական կողմին, սակայն պատասխան չկայ տակաւին: «Գործընթացը պահանջում է որոշակի ըմբռնում, համբերատար մօտեցում եւ քայլերի որոշակի յաջորդականութիւն», յայտնեց Սարգսեան։

Ան աւելցուց, որ 28 Յուլիսին նախատեսուած է Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական խումբի եւ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներու այցելութիւնը մարդասիրական շարասիւնի հատուածը` Կոռնիձոր։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2023, 08:01