Ատրպէյճան կը շարունակէ վանտալիզմ
Արցախի Հանրապետութեան Հադրութի շրջանի Հողեր գիւղի Կաւաք վանքը, երբ անցաւ ատրպէյճանական բանակի հսկողութեան ներքոյ, 1992-ին վանտալները ոչնչացուցին եկեղեցւոյ մուտքի`1742-ի շինարարական արձանագրութիւնը, իսկ այժմ՝ 2023-ին, երբ վանքը դարձեալ անցած է վանտալներու հսկողութեան՝ անոնք վանդալական ոճով կը «վերանորոգեն» նոյն շքամուտքը: Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի փոխտնօրէն Ռաֆֆի Քորթոշեանը:
Յ.Գ. Լուսանկարներում՝ վանքի շքամուտքի արձանագրութիւնը մինչեւ ոչնչացումը, ոչնչացումից յետոյ եւ տեղում անճոռնի մի այլ քարի տեղադրումից յետոյ»,- գրած է ան՝ լուսանկարներ հրապարակելով վանքէն:
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ