Որոնել

2023.07.27 Freedom House - Artsakh

Վերջ տալ անմեղ քաղաքացիներու կանխամտածուած սովամահութեան. Freedom House

Կը դիմենք ժողովրդավարական կառավարութիւններուն, որպէսզի ճնշում գործադրեն Ազրպէյճանի վրայ՝ կոչ ընելով վերջ տալու անմեղ քաղաքացիներու կանխամտածուած սովամահութեան.
Ունկնդրէ լուրը

Միջազգային Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կոչ ըրած է ազրպէյճանին արտօնելու Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կենսական մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու Արցախին եւ անյապաղ աշխատանքի անցնելու՝ բանալով Բերձորի միջանցքն ու ապահովելով տեղաշարժի ազատութիւնը՝ երաշխաւորելով անհատներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անխոչընդոտ տեղաշարժը: Կազմակերպութիւնը այս մասին գրած է իր Twitter-ի էջին մէջ:

«Տարածաշրջանին մէջ վատթարացող մարդասիրական իրավիճակը խաղաղ բնակիչները զրկած է կեանքը փրկող դեղամիջոցներէն եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներէն: Կը դիմենք ժողովրդավարական կառավարութիւններուն, որպէսզի ճնշում գործադրեն ազրպէյճանի վրայ՝ կոչ ընելով վերջ տալու անմեղ քաղաքացիներու կանխամտածուած սովամահութեան»,- գրած է Freedom House-ը:

ԿԽՄԿ-ն նախապէս յայտնած էր, որ հակառակ յամառ ջանքերուն, իրենք ներկայիս չեն կրնար օգնութիւն հասցնել Բերձորի միջանցքէն եւ այլ ուղիներով, ներառեալ Ակնան:

«Ինքնաշարժերու շարասիւններու արգելափակման պայմաններուն մէջ մեր մտահոգութիւնը այն է, որ մարդասիրական իրավիճակը ալ աւելի պիտի վատթարանայ»,- ըսած է ԿԽՄԿ-ն։

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2023, 09:18