Որոնել

Parade on the Seine with athletes for welcoming of the Olympic Torch

Ֆրանսան կոչ կ՛ուղղէ` վերականգնելու Բերձորի միջանցքով ազատ տեղաշարժը

Փարիզ իր ամբողջական աջակցութիւնը յայտնած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատարի` 26 յուլիսի յայտարարութեան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վրայ ազդող մարդասիրական իրավիճակի վերաբերեալ:

Ֆրանսան իր ափսոսանքը կը յայտնէ Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին յամառ փակման վերաբերեալ, որ կը հակասէ զինադադարի համաձայնագիրներով ստանձնած պարտաւորութիւններուն ու կը վնասէ բանակցային հոլովոյթին: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Ֆրանսայի եւրոպական եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Փարիզ իր ամբողջական աջակցութիւնը յայտնած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատարի` 26 յուլիսի յայտարարութեան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վրայ ազդող մարդասիրական իրավիճակի վերաբերեալ:

Ֆրանսան Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ կատարելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները, մասնաւորաբար` կիրարկելու Միջազգային դատարանի` 22 փետրուարի որոշումին մէջ նշուած միջանկեալ միջոցները, որոնք պարտադիր են:

Ֆրանսան կոչ կ՛ուղղէ վերականգնելու բեռներու, մարդոց եւ ապրանքներու ազատ տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով երկու ուղղութիւններով եւ բնակչութեան կազի եւ ելեկտրականութեան շարունակական մատակարարումը:

«Եւրոպական Միութեան հետ համատեղ, Ֆրանսան լիովին հաւատարիմ կը մնայ շրջանին մէջ կայուն եւ արդար խաղաղութեան հաստատման», նշած է նախարարութիւնը` վկայակոչելով Ֆրանսայի նախարարի ուղերձը, որ յղած էր ապրիլի վերջաւորութեան Հայաստան եւ Ազրպէյճան կատարած այցելութեան ժամանակ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2023, 07:08