Որոնել

EU Foreign Affairs Council meeting in Brussels

Աղդամի ճամբան Լաչինի միջանցքի վերաբացման այլընտրանք չէ. Պորել

Պորել նաեւ կ՛ընդգծէ, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի տարածաշրջանին մէջ գործունէութիւնը լրջօրէն տուժած է, եւ կոչ կ՛ուղղէ՝ վերսկսելու զայն՝ ներառեալ հիւանդներու տեղափոխումը եւ մարդասիրական մատակարարումները։

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերու բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտարարեց, որ Աղդամի ճամբան պէտք չէ նկատուի իբրեւ Լաչինի միջանցքի վերաբացման այլընտրանք։

«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ 26 Յուլիսին հրապարակած յայտարարութեան մէջ Պորել կը շեշտէ, որ Եւրոպական Միութիւնը խորապէս մտահոգ է «նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ բնակչութեան ապրած լուրջ մարդասիրական իրավիճակով»։

«Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի խոչընդոտը կը շարունակուի առաւել քան եօթը ամիսներէ ի վեր՝ հակառակ զայն բանալու մասին Արդարադատութեան միջազգային դատարանի հրամանին», կը նշուի յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ լուսարձակի տակ կ՛առնուի բժշկական պարագաներու եւ առաջին անհրաժեշտութիւն համարուող ապրանքներու բաւարար չըլլալը կամ արդէն սպառած ըլլալը, ինչ որ սարսափելի անդրադարձ պիտի ունենայ տեղւոյն բնակչութեան համար։ «Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պարտաւոր են անյապաղ երաշխաւորել Լաչինի միջանցքի երկայնքով ապահովութիւնը եւ ազատ երթեւեկը, եւ չարտօնել ճգնաժամի հետագայ սրումը», կ՛ընդգծէ Պորել՝ շարունակելով. «Մենք ի գիտութիւն ընդունեցինք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն յայտնած պատրաստակամութիւնը՝ ապրանքներ մատակարարելու նաեւ Աղդամ քաղաքի ճամբով։ Ասիկա պէտք չէ նկատուի իբրեւ Լաչինի միջանցքի վերաբացման այլընտրանք»։

Պորել նաեւ կ՛ընդգծէ, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի տարածաշրջանին մէջ գործունէութիւնը լրջօրէն տուժած է, եւ կոչ կ՛ուղղէ՝ վերսկսելու զայն՝ ներառեալ հիւանդներու տեղափոխումը եւ մարդասիրական մատակարարումները։ «Մարդասիրական հասանելիութիւնը պէտք չէ քաղաքականացուի որեւէ դերակատարի կողմէ», կը շեշտէ Պորել՝ աւելցնելով. «Եւրոպական Միութիւնը եւ մասնաւորաբար Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ մեծապէս ներգրաւուած եղած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին աջակցելու, ինչպէս նաեւ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան խթանման մէջ։ Կը պահանջուի նաեւ բոլոր կողմերուն անկեղծ հաւատարմութիւնը բանակութիւններու արդիւնքներուն եւ ընդհանուր շահերու, նաեւ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած ապագային»։

Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Չարլի Վէիմըր իր կարգին կոչ ուղղեց Եւրոպական Միութեան՝ ճնշում բանեցնելու Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի վերջինը թոյլ տայ մարդասիրական օգնութեան մուտքը Արցախ:

Պրիւքսէլի մէջ թղթակիցի մը հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Վէիմըր անդրադարձաւ Պորելի յայտարարութեան՝ իր կարգին հարցնելով. «Եւ ի՞նչը «կը խոչընդոտէ» Լաչինի միջանցքի անցանելիութիւնը, պարո՛ն Պորել: Ո՛չ քարը, ո՛չ ալ բնութեան ինչ-որ ուժ, այլ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները իրե՛նք կը խանգարեն մարդասիրական օգնութեան անցումը: Խօսքը «որեւէ դերակատարի» կամ «երկու կողմերու» մասին չէ, ինչպէս յաճախ կը լսէինք անցեալին, այլ Ատրպէյճանին, որ կ՛օգտագործէ մարդասիրական հասանելիութիւնը իր նպատակներուն համար»:  Վէիմըրս նաեւ յայտնեց, որ իր միտքը Արցախի ժողովուրդին հետ է:

ՊԱՔՈՒ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ ՊՈՐԵԼԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Ճոզեփ Պորելի յայտարարութեան՝ նշելով, որ անիկա ափսոսաք կը պատճառէ։

«Պաքու բարձր կը գնահատէ Եւրոպական Միութեան՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, Հայաստանի հետ խաղաղութեան հոլովոյթին շուրջ բանակցութիւններուն աջակցութիւնը։ Սակայն, ափսոսանք կը յառաջացնէ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ 26 Յուլիսի յայտարարութեան մէջ, Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ճոզեփ Պորելի մօտեցումը, որ հիմնուած է հայկական կողմի կեղծ քարոզչութեան եւ քաղաքական շահարկումներուն վրայ», ըսաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ։

Ան կը պնդէ, որ Պաքու սխալ կը համարէ «աչք փակել 2020ի 44օրեայ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը վտանգող հայկական զինեալ ուժերու ոչ-ամբողջական հեռացման, Ատրպէյճանի տարածքը ականներու եւ զինամթերքի տեղափոխութեան, Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի բնական պաշարներու դուրս բերման վրայ»։

«Ատրպէյճանի օրինական գործողութիւնները իբրեւ Լաչինի ճամբու փակում ներկայացնելը սկզբունքօրէն սխալ է», կը պնդէ Հաճիզատէ՝ աւելցնելով. «Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճան մեծ քանակութեամբ բեռներու փոխադրութեան, Ատրպէյճան առաջարկած է օգտուիլ «Աղդամ-Խանքենդի» եւ այլընտրանքային ուղիներէ՝ նկատի ունենալով Հայաստանէն բխող սպառնալիքները։ Հակառակ անոր որ Ատրպէյճանի այս առաջարկին կ՛աջակցին միջազգային գործընկերները, ներառեալ Եւրոպական Միութիւնը եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն, Հայաստանի եւ իբրեւ հայ բնակիչներու ներկայացուցիչներ ներկայացողներու կողմէ ճամբաները փակելով բեռներու փոխադրութիւնը խոչընդոտելը եւ արգիլելը յստակ ապացոյց է, որ «լարուած մարդասիրական իրավիճակ»ի մասին շահարկումները ոչինչ են, եթէ ոչ քաղաքական շահարկում»։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2023, 08:00