Որոնել

2023.01.14 Bambini dell'Artsakh

Արցախի մէջ մինչեւ 1 տարեկան աւելի քան 2000 երեխայ գրեթէ զրկուած է մանկական սնունդէ․ ԱՍՀ Նախարարի Տեղակալ

Յիշեցնենք, որ մինչ այս պահը Կոռնիձորի մէջ կը շարունակէ մնալ 19 բեռնատարերուն շարասիւնը, որոնց մէջ կայ շուրջ 360 թոն մարդասիրական բեռ, մասնաւորապէս՝ առաջին անհրաժեշտութեան 7 տեսակի պարէնային ապրանք։ Այդ սնունդը նախատեսուած է հասցէագրել արդէն ամիսներ շարունակ պարէնի անհասանելիութիւն ունեցող ԼՂ 120 հազար բնակիչներու կարիքներուն

Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտները, ՀՀ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն ուղեկցութեամբ, այսօր եղած են Կոռնիձորի մէջ, ուր արդէն 2-րդ օրն է, որ ազրպէյճանական կողմը կը խոչընդոտէ Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական աջակցութեան տեղափոխումը։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱՍՀՆ-էն։

«Դիւմանագէտներուն եւ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մարդկայնական իրավիճակին ուրվագիծը ներկայացուցած են Աշխատանքի եւ սոցիալական (ընկերային) հարցերու նախարարի տեղակալ Աննա Ժամակոչեանը, Արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանը, Առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Արմէն Նազարեանը, Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեանը, ՄԻՊ գրասենեակի ներկայացուցիչ Աննա Կարապետեանը:

Խօսելով խոցելի խումբերու համար մարդասիրական աջակցութեան հրատապութեան մասին՝ Աննա ժամակոչեանը նշած է մարդկայնական իրավիճակին ազդեցութեան հետեւանքները՝ երեխաներու, յղիներու, տարեցներու, հաշմանդամութիւն ունեցողներու կեանքի, առողջութեան եւ ընկերային պաշտպանուածութեան վրայ․

«Միայնակ տարեցներու տնային խնամքի ծառայութիւնները խաթարուած են, ընկերային պաշտպանութեան հաստատութիւնները չեն կրնար լիարժէք ապահովել այնտեղ բնակող երեխաներուն եւ աւագ սերունդի քաղաքացիներուն սնունդն ու կեցութիւնը: Ընդհանուր առմամբ մինչեւ 1 տարեկան աւելի քան 2 հազար երեխայ գրեթէ զրկուած է մանկական սնունդէ, մինչ անոնց համար նախատեսուած 12 թոն կաթնախառնուրդն ու շիլաները ընդամէնը քանի մը տասնեակ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ պատրաստ են տեղափոխման Լեռնային Ղարաբաղ: Այս փաստին հետ հաշտուիլը անհնար է»,- դիւանագէտներու հետ հանդիպման ընթացքին նշած է Աննա Ժամակոչեան։

Նախարարի տեղակալը մանրամասնած է ԼՂ գործընկերներուն կողմէ բարձրացուող այլ ահազանգերու մասին եւս, որոնք կապուած են կազամատակարարման, ելեկտրամատակարարման խաթարումներուն եւ վառելիքի սղութեան հետ։ Մասնաւորապէս՝ կը նշուի, որ թէ ԼՂ-ն կազմակերպած է սայլակներու եւ աջակցող այլ միջոցներու գնման գործընթացներ, Բերձորի արգելափակուած միջանցքին պատճառով անհնար դարձած է զանոնք ԼՂ-ի մէջ բնակող հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն փոխանցելը։

Այլ խնդիր է կանխիկ թղթադրամներու բացակայութիւնը: Հակառակ անոր, որ կեսնաթոշակառուներուն եւ նպաստառուներուն կը փոխանցուին իրենց հասանելիք հասարակական գումարները, բայց վերջիններս զրկուած են անոր կանխիկ օգտագործման հնարաւորութենէն, որ լուրջ խնդիր է յատկապէս գիւղական բնակավայրերուն մէջ, ուր անկանխիկ սպառման հնարաւորութիւններ չկան:

Նախարարի տեղակալը ներկայացուցած է նաեւ առկայ ճգնաժամին հետեւանքով արձանագրուած ողբերգական միջադէպը. «Շաբաթներ առաջ Բերձորի միջանցքի արգելափակման եւ պարէնի սղութեան անուղղակի զոհը դարձաւ ԼՂ 2 անմեղ երեխայ։ 3 տարեկան Լէոն եւ 6 տարեկան Գիտան մահացան այն պատճառով, որ մայրը իրենց սնունդի ձեռքբերման նպատակով ստիպուած եղած էր գիւղին մէջ գտնուող տունէն ոտքով երթալ Մարտակերտ՝ ձգելով իր մանկահասակ եւ կրտսեր տարիքի երեխաները առանց ծնողական հսկողութեան։ Որեւէ երկիր եւ միջազգային կազմակերպութիւն չի կրնար անարձագանգ ձգել այս ամէնը՝ անգործութեամբ նպաստելով մարդկայնական ճգնաժամի բացասական հետեւանքներուն»:

Յիշեցնենք, որ մինչ այս պահը Կոռնիձորի մէջ կը շարունակէ մնալ 19 բեռնատարերուն շարասիւնը, որոնց մէջ կայ շուրջ 360 թոն մարդասիրական բեռ, մասնաւորապէս՝ առաջին անհրաժեշտութեան 7 տեսակի պարէնային ապրանք։ Այդ սնունդը նախատեսուած է հասցէագրել արդէն ամիսներ շարունակ պարէնի անհասանելիութիւն ունեցող ԼՂ 120 հազար բնակիչներու կարիքներուն»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Աղիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2023, 08:08