Որոնել

Տեղահանուած եւ գաղթական երեխաներ Տեղահանուած եւ գաղթական երեխաներ 

ՅՈՒՆԻՍԵՖ. «Արձանագրուած է 43,3 միլիոն տեղահանուած մանուկներու ամենաբարձր թիւը»

Վերջին տասնեակ տարիներուն տեղահանուած ու իրենց տուներէն ստիպուած փախուստ տուող մանուկներուն թիւը կրկնապատկուած է

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ի Մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակին տուեալներուն համաձայն, 2022 թուականի աւարտին արձանագրուած է բռնի տեղահանման պայմաններու մէջ գտնուող 43,3 միլիոն երեխաներուն ամենաբարձր թիւը՝ որոնցմէ շատեր ողջ մանկութեան ընթացքին։

Վերջին տասնեակ տարիներուն տեղահանուած ու իրենց սեփական տուներէն ստիպուած փախուստ տուող մանուկներուն թիւը կրկնապատկուած է, խոչընդոտելով իրենց երկիրներու մէջ տեղահանուած մանուկները ներառելու եւ պաշտպանելու ուղղուած ջանքերը։ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը պատճառ դարձաւ, որ աւելի քան 2 միլիոն երեխաներ ձգեն իրենց երկիրը, ինչպէս նաեւ աւելի քան մէկ միլիոն երեխաներ ենթարկուին տեղահանութեան։

ՄԱԿ-ի Մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն, Քաթերին Ռասէլ նկատել տուաւ, որ մանուկներու տեղահանման թիւի աճումը համահունչ է ամբողջ աշխարհին մէջ հակամարտութիւններու, ճգնաժամերու, եւ կլիմայական աղէտներուն կտրուկ աճին ընդգծելով, որ բազմաթիւ պետութիւններու արձագանգը անբաւարար է երաշխաւորելու համար իւրաքանչիւր փախստականի եւ ներքին տեղահանուած երեխայի դաստիրակութեան աճումը ու ողջ կարողութեան զարգացումը։

ՄԱԿ-ի Մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակի տնօրէնը անհրաժեշտ նկատեց աւելի մեծ քաղաքական կամքի գոյութիւնը՝ տեղահանութեան պատճառները դիմագրաւելու համար եւ լուծումներ շնորհելու շարժումի մէջ գտնուող երեխաներուն։

«Միասին աշխատելով կրնանք ապահովել անոնց անվտանգութեան, առողջութեան, կրթութեան, պաշտպանութեան հասանելիութիւնը», ըսաւ Քաթերին Ռասէլ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2023, 12:55