Որոնել

2022.09.14 Confine Armenia - Azerbaigian

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վիճակը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ

Սահմանային վիճակին մասին խօսեցաւ նաեւ Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեան՝ դիտել տալով, որ Տեղ գիւղի հատուածին մէջ յառաջխաղացք կատարած Ատրպէյճանի զինուած ուժերը պէտք է ետ երթան հոն, ուրկէ յառաջխաղացք կատարեցին:

6 Յունիսին, Ազգային ժողովին մէջ, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցներու ընթացքին սահմանային շրջաններու մարզպետները անդրադարձան իրենց շրջաններու կացութեան։

Նշեալ զրոյցներէն մէկուն ընթացքին, Գեղարքունիքի մարզպետ Կարէն Սարգսեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի սեպտեմբերեան յարձակման պատճառով, Գեղարքունիքի մարզի բնակավայրերուն կրած վնասները գրեթէ ամբողջութեամբ վերականգնած են։ «Ունենք 4 մասնակի փլուզուած տներ, վերականգնման ոչ-ենթակայ տներ, որոնց նախագծանախահաշուային աշխատանքներ են իրականացւում: Առաջիկայում կ՛ունենանք յստակ պատկեր եւ կը հասկանանք, թէ ինչքան գումար է պէտք, որպէսզի այդ տները վերականգնուեն: Անասուններ կորցրած բնակիչներին եւս աջակցութիւն է տրամադրուել եւ գրեթէ ամբողջութեամբ վերականգնուել են նրանց կրած վնասները», ըսաւ ան։

Սարգսեան նաեւ դիտել տուաւ, որ ստեղծուած անապահով վիճակին պատճառով, Սոթքի հանքավայրի բաց հատուածին մէջ աշխատանքները դադրած են, բայց փակ հանքին մէջ՝ կը շարունակուին։  «Ընդհանուր առմամբ մարզի սահմանամերձ շրջաններում կրակոցների ինտեսիւութիւնը (սաստկութիւնը) նուազել է: Ինչ վերաբերւում է Սոթքի հանքավայրին, ապա հանքավայրի բաց հատուածում աշխատանքներն անվտանգային խնդիրների պատճառով դադարեցուել են, բայց փակ հանքում շարունակւում են աշխատանքները: Այսինքն` Սոթքի հանքավայրը մասնակի աշխատում է», ըսաւ ան:

Սահմանային վիճակին մասին խօսեցաւ նաեւ Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեան՝ դիտել տալով, որ Տեղ գիւղի հատուածին մէջ յառաջխաղացք կատարած Ատրպէյճանի զինուած ուժերը պէտք է ետ երթան հոն, ուրկէ յառաջխաղացք կատարեցին:

Ղուկասեան խօսեցաւ Տեղ գիւղի այն բնակիչներուն մասին, որոնք Ատրպէյճանի յառաջխաղացքին պատճառով կորսնցուցին իրենց վարելահողները եւ արօտավայրերը, եւ դիտել տուաւ, որ անոնք  այսօր չեն կրնար մուտք գործել իրենց տարածքները, եւ այս տարուան չստացուած եկամուտին համար պիտի ստանան աջակցութիւն: «Ես վստահ եմ, որ Ադրբեջանը պէտք է յետ գնայ այնտեղ, որտեղից առաջ է եկել», նշեց մարզպետը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն ետ երթալուն մասին տեղեկութիւններ ո՞ւնի` ան ըսաւ, թէ ինք գիտէ, որ կարգ մը տեղեր ետ գացած են, բայց չմանրամասնեց թէ ո՛ւր եւ քանի՛ քիլոմեթր։  «Ադրբեջանը պէտք է յետ գնայ մեր սուվերեն (գերիշխան) տարածքից: Դա միանշանակ դիրքորոշում է», ըսաւ Ղուկասեան:

Ան նաեւ յայտնեց, որ վերջին երկու շաբաթներուն մարզին մէջ որեւէ սահմանային միջադէպ չէ արձանագրուած, իսկ հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերը սահմանին ամրաշինական աշխատանքներ կը կատարեն:

Տաւուշի մարզպետ Հայկ Ղալումեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ նշեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ միջերկիրներու հարցին վերաբերող նոր բան չկայ, այլ անիկա պիտի լուծուի սահմանազատման եւ սահմանագծման ընթացքին։

«Այդ հարցի մասին բազմիցս խօսուել է եւ վարչապետի կողմից, եւ մեր քաղաքական թիմի անդամների կողմից: Բոլորս գիտենք, որեւէ բան գաղտնիք չէ, ամէն ինչ թափանցիկ է: Կոնկրետ (յստակ) անկլաւների (միջերկիր) մասով բանակցութիւններում ոչինչ տեղի չի ունենում, երբ ինչ-որ բան լինի, հանրութիւնը տեղեակ կը պահուի», ըսաւ Ղալումեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կա՞ն միջերկիրներ, որոնք պէտք է յանձնուին Ատրպէյճանին՝ Հայկ Ղալումեան ըսաւ. «Ինչպէս մենք ունենք տարածքներ Ադրբեջանի տիրապետութեան տակ, նոյնը նրանք ունեն նաեւ Տաւուշի մարզում եւ Հայաստանի Հանրապետութեան այլ հատուածներում: Այդ հարցը լուծուելու է սահմանազատման եւ սահմանագծման ընթացքում: Այս պահին աւելացնելու ոչինչ չունեմ»։

Ըստ անոր՝ կան հայկական տարածքներ, որոնք կը գտնուին Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ. այդ հարցերը պէտք է խաղաղութեան համաձայնագիրի ծիրին մէջ լուծուին:

«Միայն կարող եմ նշել, որ Բերքաբերի հատուածում մօտ 950 հա. տարածք գտնւում է Ադրբեջանի տիրապետութեան տակ», շեշտեց Ղալումեան։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2023, 08:00