Որոնել

2023.06.07 L'Istituto delle Suore Armene festeggia 105° anniversario indipendenza I repubblica armena

Հայ Քոյրերու Վարժարանը Նշեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 105ամեակ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 105ամեակը Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ նշուեցաւ Հինգշաբթի, 25 Մայիսին
Ունկնդրէ լուրը

Երկար դարերու պետականութեան բացակայութենէն ետք, 1918ի Մայիսին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսական ճակատամարտերու աւարտին, Հայաստան հռչակուեցաւ հանրապետութիւն: Հակառակ անոր, որ անիկա միայն 2.5 տարուան կեանք ունեցաւ, բայց իր ունեցած իմաստով, արժէքով եւ թողած դասերով անիկա շատ կարեւոր փուլ մըն էր մեր ազգի պատմութեան մէջ:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 105ամեակը Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ նշուեցաւ Հինգշաբթի, 25 Մայիսին:

Բացման իր խօսքին մէջ, հայերէնի ուսուցչուհի Այանա Համամճեան ըսաւ հետեւեալը. «Մայիս ամիսը հայերուս համար միշտ եղած է ուրախութեան ամիս։ Մայիսին էր որ աւելի քան 70 տարիներ ետք վերադարձուեցաւ մեր սիրելի Արցախը։ Հիմա արդէն 3 տարի է որ ցաւով կու տանք Շուշի անունը, սակայն բոլոր հանգամանքներէն անկախ, յիշենք եւ երբեք չմոռնանք մեր հերոս տղաներուն սխրանքները։ Մայիսին էր, որ  հայրենական մեծ պատերազմէն  յաղթանակած դուրս եկանք եւ վերջապէս Մայիսին էր մեր առաջին Հանրապետութեան ծնունդը»։

Տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն: Գեղարուեստական բաժինով, ասմունքներու ներկայացումով ելոյթ ունեցան 3րդ եւ 4րդ կարգի աշակերտները՝ «Մայիս 28», 8րդ կարգի աշակերտները՝ To remember is to live, 7րդ կարգի աշակերտները՝ May 28th, 6րդ կարգի աշակերտները՝  «Անկախութիւն», 5րդ կարգի աշակերտները՝ «Հայու Ոգին», իսկ մանկապարտէզի աշակերտները՝ «Հայկական Դրօշ»:

2րդ դասարանի աշակերտները երգեցին «Անուշ Հայրենիք»ը, իսկ առաջին դասարանցիները՝ «Գինի Լից»ը:

Օրուան խորհուրդին մասին խօսելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանիս փոխտնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ հակառակ անոր որ մենք 1991ին վերանկախացանք, բայց 1918ի Ա. Հանրապետութիւնը մեզի դաս կու տայ, որ բազմատեսակ դժուարութիւններու ենթարկուելէ ետք, հայ ժողովուրդը դարձեալ կրցաւ եւ կրնայ ոտքի կանգնիլ: «600 տարիներ ուրիշ ժողովուրդներու տիրապետութեան տակ ապրելէ, հպատակելէ, ջարդ ու կոտորած, տեղահանութիւն տեսնելէ ետք, մեր ժողովուրդը կրցաւ հերոսաբար պայքարիլ ու յաղթանակել ճակատամարտերուն մէջ եւ ոտքի կանգնելով՝ անկախութիւն հռչակել: Հիմա ալ, եթէ մեր մէջ վառ պահենք հայու չկոտրուող ոգին, ըլլանք միասնակամ, տէրը մեր հայրենիքին, լեզուին ու մշակոյթին, կրնանք ունենալ յաւելեալ յաղթանակներ», յայտարարեց ան:

Գեղարուեստական յայտագիրը իրենց ներկայութեամբ եւ երգերով ճոխացուցին հայրենի հիւր երգիչներ Յակոբը եւ Արմէնը: Անոնք հայրենասիրական երգերով Հայաստանի շունչը եւ ոգին փոխանցեցին մեր աշակերտներուն:

Աւարտին, վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատու քոյր Լուիզա Գասարճեան հիւրերը պարգեւատրեց յուշանուէրով, այնուհետեւ բոլոր աշակերտները միաբերան երգեցին Սարդարապատի յաղթերգը: 

(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2023, 07:30