Ուաշինկթըն սահմանային դէպքերուն գծով մտահոգութիւն կը յայտնէ
ùՄիացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Երասխի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ 14 Յունիսի գնդակոծութիւններուն գծով, որոնց պատճառով երկու վիրաւորներ կան: Նախարարութիւնը անգամ մը եւս կոչ ուղղեց՝ սահմաններու երկայնքով զսպուածութիւն ցուցաբերելու։
Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յորդորեց իր քաղաքացիները՝ չայցելել Ատրպէյճանի սահմանակից շրջաններ, ինչպէս նաեւ՝ Արցախ։
Համապատասխան յայտարարութիւնը տեղադրուած է դեսպանատան կայքին վրայ։ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն, դեսպանատան աշխատակիցներուն եւ անոնց ընտանիքներուն կոչ կ՛ուղղուի՝ խուսափելու Հայաստանի Հանրապետութեան որոշ ուղղութիւններով ոչ հրատապ ճամբորդութիւն կատարելէ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շարունակուող հակամարտութեան պատճառով։ Դեսպանատան ճշդած անցանկալի վայրերու ցանկին վրայ 2022էն ի վեր կիրարկուող սահմանափակումներուն մէջ որոշ մեղմացումներ եղած են։
«Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները պէտք է շարունակեն զգուշանալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բոլոր միջազգային սահմաններէն եւ խուսափին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի եւ շփման գիծի մերձակայքը ճամբորդութիւններէ։ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը չի կրնար Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր շրջակայքին մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն շտապ օգնութեան ծառայութիւններ տրամադրել, որովհեհեւ մուտքը արգիլուած է», կ՛ըսուի դեսպանատան յայտարարութեան մէջ։
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման յետաձգման՝ դիտել տալով, որ այդ պատճառով բանակցութիւնը 100 տոկոսով չէ ընթացած։
Ան վստահեցուց, որ յետաձգումը ամենեւին չարտացոլացներ «բանակցութիւններու վիճակը եւ տարաձայնութիւնները»:
«Մենք անհամբեր կը սպասենք Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններու այլ փուլ ընդունելու, որովհետեւ կողմերը կը շարունակեն խաղաղ երկխօսութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին համար: Ինչպէս նախապէս ըսած ենք, մենք կը կարծենք, թէ ուղիղ երկխօսութիւնը առանցքային է մնացած հարցերու լուծման համար։ Կը կարծենք, որ համաձայնութիւնը հասանելի է», ընդգծեց Միլըր:
Ան յայտնեց, որ կ՛ակնկալեն մօտիկ ապագային հանդիպման նոր ժամկէտ ճշդել՝ առանց յստակ թուական մը տալու։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ