Որոնել

Ucraina: salta in aria la diga di Kakhovka, Kiev accusa la Russia

Խերսոնի մէջ «Նովա Քախովքա» ամբարտակը ականահարուեցաւ

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ «Քախովսքայա» ջրելեկտրակայանը փլուզուած է Ուքրանիոյ կողմէ կանխամտածուած ներթափանցման գործողութեան պատճառով:

6 յունիսի գիշերը պատահած պայթումի մը պատճառով «Քախովսքայա» ջրելեկտրակայանի ամբարտակը փլուզուեցաւ: Ամբարտակի փլուզման պատճառով շուրջ 80 բնակավայր յայտնուեցաւ հեղեղումներու վտանգի տակ: Իշխանութիւնները ձեռնարկեցին Տնեփրի աջ ափի վտանգաւոր գօտիին մէջ 16 հազար մարդոց հեռացման:

Խերսոնի մէջ Նովա Քախովքայի քաղաքապետը երէկ առաւօտեան Քիեւը ամբաստանեց Քախովքա ջրելեկտրակայանին վրայ յարձակում գործելուն համար: Ան յայտնեց, որ ուքրանական յարձակումին պատճառով ելեկտրակայանին վերի բաժինը վնասուած է, այդ պատճառով ալ «Քախովքայի մէջ ջուրը 10 մեթր բարձրացած է եւ կրնայ բարձրանալ 12 մեթրի, ուքրանական ուժերուն շղթայազերծած հարուածին պատճառով կայանին քանդուելէն ետք»:

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ «Քախովսքայա» ջրելեկտրակայանը փլուզուած է Ուքրանիոյ կողմէ կանխամտածուած ներթափանցման գործողութեան պատճառով:

Անոր համաձայն, այս արտակարգ պատահարը կրնայ յանգեցնել մարզի տասնեակ հազարաւոր բնակիչներու համար շատ լուրջ հետեւանքներու, ինչպէս նաեւ բնապահպանական խնդիրներու:

Ան հերքած է Մոսկուային ուղղուած բոլոր մեղադրանքները:

Փեսքով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է, որ նախագահ Վլատիմիր Փութին պաշտպանութեան նախարարութենէն եւ այլ ծառայութիւններէն զեկուցումներ կը ստանայ, թէ «Քախովսքայա» ելեկտրակայանին շուրջ ի՛նչ կը կատարուի:

«Այստեղ արդէն հաստատօրէն կրնանք փաստել, որ խօսքը ուքրանական կողմի կանխամտածուած խափանարարական արարքի մասին է… Բացի ատկէ, յստակ է, որ խափանարարական արարքի նպատակներէն մէկը Խրիմը ջուրէ զրկելն է: Ջրամբարին մէջ ջուրի մակարդակը կը նուազի, եւ, համապատասխանաբար, ջրանցքի մատակարարումը կտրուկ կը նուազի», ըսաւ Քրեմլինի բանբերը:

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «6 յունիսի ընթացքին առաւօտեան Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան քայլերու ցանկին շուրջ, որ մասնաւորաբար կը ներառէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հրատապ նիստի գումարումը»:

Նախարարութիւնը նաեւ յայտարարեց, որ այս հարցը Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան Կառավարիչներու խորհուրդի նիստին քննարկելու, ինչպէս նաեւ «Եւրոպական միութեան քաղաքացիական պաշտպանութեան մեքանիզմի գործարկման» անհրաժեշտութեան մասին:

Բացի ատկէ, Ուքրանիան «Եօթներու խմբակ»-ի անդամ երկիրներուն եւ Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղեց` «անյապաղ քննելու Ռուսիոյ դէմ նոր լայնածաւալ պատժամիջոցներու սահմանումը, ներառեալ ռուսական հրթիռային արդիւնաբերութեան եւ հիւլէական արդիւնաբերութեան դէմ»:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Ցնցուած եմ «Նովա Քախովքա» ամբարտակին վրայ կատարուած աննախադէպ յարձակումէն: Քաղաքային ենթակառոյցներու ոչնչացումը ակնյայտօրէն կ՛որակուի իբրեւ ռազմական յանցագործութիւն, եւ մենք պատասխանատուութեան պիտի ենթարկենք Ռուսիան եւ անոր կամակատարները»:

Այն պահուն, երբ Մոսկուա ուքրանական ուժերը ամբաստանեց Խերսոնի մէջ «Նովա Քախովքա» ամբարտակը դիտաւորեալ կերպով խափանարարութեան ենթարկելու յանցանքով, ի յայտ եկաւ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ հինգ ամիս առաջ ուքրանացի զօրավարի մը ունեցած հարցազրոյցը, որուն մէջ ան կը խօսի նշեալ ամբարտակը հարուածելու համար կատարուած փորձի մը մասին:

Ըստ ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին, հազարապետ-զօրավար Անտրիէ Քովալչուք Խերսոնի մէջ հակայարձակումը ղեկավարելու պարտականութիւնը ստանձնած էր եւ իր ծրագիրին մէջ մտածած գետի ջուրերու յորդումով ողողում յառաջացնելու մասին:

«Ուքրանացիները ՀԱՅՄԱՐՍ հրթիռով «Նովա Քախովքա» ամբարտակի դարպասներէն մէկուն դէմ փորձառական հարուած հասցուցին: Հարուածը մետաղին մէջ երեք ծակեր յառաջացուց, իմանալու համար, եթէ կարելի է Տնեփր գետի մակարդակը ռուսական անցքերը խափանելու համար բաւարար չափով բարձրացնել, սակայն ոչ մօտակայ գիւղերը ջուրով ծածկել», ըսաւ ան:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի, սակայն, մեկնաբանելով միջադէպը յայտնեց. «Ամբարտակն ու ջրելեկտրակայանը մէկ տարիէ ի վեր կը գտնուին Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ, եւ անկարելի է զայն դուրսէն պայթեցնել: Ռուսերը իրենք են, որ զայն ականապատեցին եւ պայթեցուցին»:

Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ուքրանիան Քախովքա ամբարտակը ռմբակոծած է Բրիտանիայէն ստացած «Սթորմ Շատօ» տիպի հրթիռով:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2023, 07:45