Որոնել

Լիբանանի մէջ խորհրդարանը Լիբանանի մէջ խորհրդարանը 

Լիբանան. Խորհրդարանի գումարած 12-րդ նիստին ընթացքին եւս կարելի չեղաւ հանրապետութեան նախագահ ընտրել

Քուէարկութիւնը պարզեց հետեւեալ պատկերը. Ժիհատ Ազուր (59 քուէ), Սլէյման Ֆրենժիէ (51 քուէ), Զիատ Պարուտ (6 քուէ), Ժոզեֆ Աուն (1 քուէ), Ժիհատ Արապ (1 քուէ, որ չեղեալ նկատուեցաւ), Նոր Լիբանան (8 քուէ) եւ մէկ սպիտակ քուէ:

Երկրին հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու նպատակով, խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց իր 12-րդ նիստը` նախագահութեամբ իր նախագահին` Նեպիհ Պըրրիի:

Բնական կարգով ընթացած նիստը, որմէ ոչ մէկ երեսփոխան բացակայեցաւ, կատարեց իր պարտականութիւնը եւ առաջին փուլի փակ քուէարկութիւնը:

Քուէարկութիւնը պարզեց հետեւեալ պատկերը. Ժիհատ Ազուր (59 քուէ), Սլէյման Ֆրենժիէ (51 քուէ), Զիատ Պարուտ (6 քուէ), Ժոզեֆ Աուն (1 քուէ), Ժիհատ Արապ (1 քուէ, որ չեղեալ նկատուեցաւ), Նոր Լիբանան (8 քուէ) եւ մէկ սպիտակ քուէ:

Այս պատկերին պարզուելէն ետք երեսփոխաններ բանավէճ մը ունեցան մէկ քուէաթերթիկի չգոյութեան վերաբերեալ, նկատի ունենալով, որ քուէներու թիւին գումարը 127 էր, մինչդեռ ներկաները 128 էին:

Այս շրջագիծին մէջ կարգ մը երեսփոխաններ պահանջեցին քուէարկութիւնը կրկնել, իսկ ոմանք պահանջեցին վերստին քուէահամար կատարել:

Պըրրի մերժեց զոյգ առաջարկները` հաստատելով, որ մէկ քուէն ոչինչ կը փոխէ արդիւնքէն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ նիստը երկրորդ փուլ պիտի չունենայ օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Պըրրի նշեց, որ Զիատ Պարուտ 7 քուէ ստացած է` 6-ի փոխարէն, սակայն աւելի ուշ ի յայտ եկաւ որ 128-րդ քուէն դատարկ պահարան մըն էր, որ առանց քուէի զետեղուած էր քուէատուփին մէջ:

Նկատի ունենալով, որ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլը կարելի չէր սկսիլ օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով, Պըրրի յայտարարեց նիստին աւարտը, առանց ճշդելու յաջորդ նիստին թուականը:

Նշենք, որ նիստին ընթացքին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ Պըրրիէն խնդրեց, որ բոլոր պլոքներէն երեսփոխաններ մասնակցին քուէահամարի հոլովոյթին, եւ Պըրրի դրական պատասխան տուաւ այդ իմաստով:

Հետեւաբար երեսփոխանական բոլոր պլոքներէն ներկայացուցիչներ մասնակցեցան քուէահամարի աշխատանքին:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ նիստի բացումէն ետք խորհրդարանը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց նախկին երեսփոխան Էլիաս Սապաայի յիշատակը:

Նիստին մասին Պըրրի յայտնեց, որ նախագահական դատարկութեան փուլը երկարելու իմաստով պէտք է վերջ տալ պատասխանատուութեան գնդակը այս կամ այն կողմ նետելու քայլին:

«Պէտք է ընդունիլ, որ դատարկ օղակի մը շրջան ընելն ու ուրացումի քաղաքականութիւն որդեգրելը ապարդիւն է, որովհետեւ բոլորը, յատկապէս արաբական աշխարհը մեզմէ պատասխանատու կեցուածք կ՛ակնկալեն, այլ խօսքով` Լիբանանէն կ՛ակնկալեն իր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն համապատասխանող կեցուածք, որուն սկիզբը կը նկատուի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, որ իր կարգին պիտի իրականանայ երկխօսութեան ճամբով: Երկխօսութիւն մը, որ առանց նախապայմանի է եւ թեկնածութիւն առաջադրելու իմաստով ոչ ոքի իրաւունքը կը ջնջէ», հաստատեց ան:

Պըրրի ընդգծեց, որ պէտք է երկխօսութիւն  կատարել սահմանադրութեան երդիքին ներքեւ` պահպանելով լիբանանեան ազգային համագործակցութիւնն ու Ազգային ուխտը:

Իր կարգին, Պու Սաապ յայտնեց, որ բոլոր ընտրանքները երեսփոխաններուն իրաւունքը կը նկատուին` աւելցնելով, որ ինք հանդիպում մը պիտի ունենայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ:

Նախագահական ընտրութեան թեկնածուներ` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ եւ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուր կատարեցին թուիթըրեան գրառումներ:

Ֆրենժիէ շնորհակալութիւն յայտնեց զինք ընտրող բոլոր երեսփոխաններուն, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Ան աւելցուց, որ ինք կը յարգէ զինք չընտրող երեսփոխաններուն տեսակէտը եւ ատիկա կը նկատէ բոլորին հետ շինիչ երկխօսութիւն մը կատարելու շարժառիթ մը:

Ազուր շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահական ընտրութեան նիստի առաջին փուլին ի նպաստ իրեն քուէարկող բոլոր երեսփոխաններուն եւ փափաք յայտնեց, որ արձանագրուած այս պատկերը ըլլայ ազդակ մը, որ բոլորին միջեւ համախոհութիւն գոյանայ Լիբանանը իր տագնապէն դուրս բերելու:

Երեսփոխան Ահմետ Խէյր յայտնեց, որ Ազգային չափաւորականութիւն պլոքը քուէարկեց «Նոր Լիբանան» կարգախօսով` աւելցնելով, որ եթէ նիստը երկրորդ փուլ ունենար, ապա իրենք պիտի քուէարկէին ի նպաստ իրենց թեկնածուին, որուն անունը մօտիկ ապագային պիտի բացայայտեն:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ այսօր յաղթանակի օր է ժողովրդավարական ընտրապայքարի, ինչպէս նաեւ այն դաշինքին, որ քաղաքական յստակ ծրագիր ունի:

Պաալպեք-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կատարուած է, արդիւնքները յստակ են եւ իւրաքանչիւր երեսփոխան` քուէարկած, սակայն կարելի չէ եղած նախագահ ընտրել` արձանագրուած բաժանումին պատճառով:

«Մենք ունինք մեր թեկնածուն, որուն կը զօրակցինք եւ որուն ի նպաստ քուէարկեցինք այսօր: Մինչդեռ հակառակորդ կողմը, իր տարակարծութիւններով հանդերձ, կրցաւ համաձայնիլ թեկնածուի մը շուրջ, սակայն այդ համաձայնութեամբ հանդերձ նախագահական ընտրութիւն կարելի չեղաւ իրականացնել` արձանագրուած բաժանումին պատճառով», ըսաւ ան:

Հաժ Հասան կոչ ուղղեց երկխօսութեան եւ համախոհութեամբ հանրապետութեան նախագահ ընտրելու:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ այսօրուան նիստը փաստեց, որ ոչ ոք կրնայ շրջանցել քրիստոնեայ բաղկացուցիչը` նախագահական ընտրութեան առումով, եւ ոչ ոք կրնայ նախագահ պարտադրել, ինչպէս նաեւ այն, որ Ազգային ազատ հոսանքը յանձնառու է եւ կը հետեւի միայն իր համոզումներուն:

Ան կոչ ուղղեց վերջ տալու նախապայմաններով երկխօսութեան, նախագահ պարտադրելու եւ մարտահրաւէրի տրամադրութեան, եւ նկատի ունենալով իրենց հրապարակած նախագահական առաջնահերթութիւններու փաստաթուղթը, ըստ այնմ ատակ թեկնածուներ առաջադրելու եւ Լիբանանի փրկութեան, բարեկարգումի եւ գերիշխանական ծրագիր գործադրելու:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ողջունեց բոլոր անոնք, որոնք յանձնառու մնացին քուէարկութեան:

Ան նկատել տուաւ, որ օր մը առաջ կարգ մը երեսփոխաններ ենթարկուած են ճնշումներու եւ սպառնալիքներու, որոնց պատճառով ոմանք վերատեսութեան ենթարկած են քուէարկութեան իրենց որոշումը: «Սակայն հակառակ այս բոլորին մեր ակնկալած քուէներու թիւին հասանք», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ այսօրուան նիստին ընթացքին կար մէկ յստակ թեկնածու, որն է Սլէյման Ֆրենժիէն, եւ աւելցուց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը անկարող են հանրապետութեան նախագահ ընտրելու, առանց արտաքին միջամտութեան:

Երեսփոխան Միշել Մուաուատ հարց տուաւ, որ տրամաբանակա՞ն է արդեօք, որ նախագահական ընտրութեան թեկնածուի մը պլոքը եւ զաւակը խորհրդարանէն դուրս գան, որպէսզի օրինաթիւ չգոյանայ:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա յայտնեց, որ Լիբանանի խորհրդարանը դարձեալ գումարած է նախագահական ընտրութեան ապարդիւն նիստ մը` աւելցնելով, որ Լիբանանի ղեկավարներն ու երեսփոխանները պէտք ունին արագ քայլերու դիմելու` երաշխաւորելու համար հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը, որպէսզի կարենան իրականացնել երկրին եւ ժողովուրդին շահերը:

«Դատարկութեան փուլի երկարաձգումը կը հարուածէ Լիբանանի ժողովրդավարական գործընթացը, ինչպէս նաեւ կ՛ուշացնէ բարեկարգումներն ու անհրաժեշտ լուծումները, որոնք երկար սպասուած էին` Լիբանանը ապաքինման հունի մէջ զետեղելու համար», ըսաւ ան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2023, 07:58