Որոնել

Մեսրոպեան վարժարանի ՇՈՒՇԻ պարախումբ Մեսրոպեան վարժարանի ՇՈՒՇԻ պարախումբ 

Մեսրոպեան վարժարանի ՇՈՒՇԻ պարախումբ․“Կը պարենք սիրոյ համար”

“Շուշի” պարախումբին չորս ենթախումբերը` Մեսրոպեանի նախկին սաները, մեծերը, միջակներն ու կրտսերները կատարեցին 18 պարեր, գերակշռաբար՝ հայկական, ինչպէս աւանդական, նոյնպէս եւ արդի մշակումներով: Իւրաքանչիւր պար նուիրուած էր սիրոյ մը, ուղղուած այն արժէքներուն, զորս հայ մարդը, լիբանանցին եւ ընդհանրապէս մարդկութիւնը կը գնահատէ։

10-11 Յունիս 2023-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի “Շուշի” պարախումբը կրկին բեմ բարձրացաւ եւ հանրութեան ներկայացաւ տպաւորիչ ելոյթներով, որոնք մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին հանդիսատեսներուն մէջ: “Կը պարենք սիրոյ համար” վերնագրուած ելոյթները տեղի ունեցան Պուրճ Համուտի ՀԿՄ “Յովհաննէս Պօղոսեան” վերանորոգուած թատերասրահին մէջ, որ երկու օրերուն ալ ծայրէ ծայր գրաւուած էր ծնողներու, բարեկամներու եւ հիւրերու ներկայութեամբ։

“Շուշի” պարախումբին չորս ենթախումբերը` Մեսրոպեանի նախկին սաները, մեծերը, միջակներն ու կրտսերները կատարեցին 18 պարեր, գերակշռաբար՝ հայկական, ինչպէս աւանդական, նոյնպէս եւ արդի մշակումներով: Իւրաքանչիւր պար նուիրուած էր սիրոյ մը, ուղղուած այն արժէքներուն, զորս հայ մարդը, լիբանանցին եւ ընդհանրապէս մարդկութիւնը կը գնահատէ։  Պարողները յաջողեցան ներկաներուն պարգեւել գեղարուեստական վայելքի յիշարժան պահեր: Պարախումբին ելոյթները յատկանշուեցան պարային հետաքրքրական բեմադրութիւններով, բեմի, տարազներու եւ երաժշտական ձեւաւորման բարձր ճաշակով, ինչպէս նաեւ պարողներու ակնյայտ խանդավառութեամբ եւ լաւապէս պատրաստուած կատարումներով:

Պարուսոյց Աւօ Գարաքէշիշեանի աշխատանքին դրոշմը ակներեւ էր ամէն տեղ․ ան ոչ միայն կատարած էր պարերու բեմադրութիւնը եւ ղեկավարած՝ փորձերը, այլ նաեւ իրականացուցած էր ելոյթին հետ կապուած գեղարուեստական միւս աշխատանքները, որոնց շարքին՝ բեմի եւ պարերու խորապատկերներուն իւրայատուկ եւ գեղեցիկ ձեւաւորումը:

Ելոյթի բացման խօսքին մէջ Լոռի Եթերեան ըսաւ, որ պարախումբը իւրաքանչիւր պարի ընդմէջէն բեմ կը բերէ սիրոյ աննման արտայայտութեամբ լեցուն յատուկ պատմութիւն մը։ «Պատմութիւն մը, որուն հեղինակը մէկն է` պարախումբին գեղարուեստական ղեկավար, պարուսոյց Աւօ Գարաքէշիշեանը, որուն համար պարարուեստի լեզուն միջոց մըն է փոխանցելու մարդկային սրտի ամենախոր զգացումները եւ արտայայտելու այն ինչ որ խօսքով կարելի չէ արտայայտել», աւելցուց ան։ Լոռի Եթերեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստին, որ միշտ ներկայ եղաւ պարախումբի կողքին, աջակցեցաւ ամէն կերպ ու քաջալերեց պարողները՝ լաւագոյնը տալու համար այս ելոյթին։

Փակման խօսքին մէջ, Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց պարախումբի 64 անդամներուն, օգնական անձնակազմին, պարուսոյց Աւօ Գարաքէշիշեանին, Համազգային եւ Նոր Սերունդ միութիւններուն եւ ի վերջոյ ծնողներուն, առանց որոնց քաջալերանքին եւ նեցուկին դժուար թէ կարելի ըլլար հասնիլ այս արդիւնքին: Ան վերյիշեց պարախումբի ստեղծման օրերը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ սիրոյ ուժով հայ ազգը կրկին պիտի վերադառնայ հայրենի քաղաք Շուշի եւ կրկին պար պիտի բռնէ անոր տաճարներուն շուրջ։

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2023, 08:03