Որոնել

Կոմիտաս Կոմիտաս 

Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները՝ «Աշխարհի յիշողութիւն» տոմարին մէջ

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Աշխարհի յիշողութիւն» ծրագիրը մեկնարկած է 1992 թուականին` աշխարհի տարածքին գոյութիւն ունեցող արխիւներու եւ գրադարաններու արժէքաւոր հաւաքածոներու անհետ կորուստը կանխելու նպատակով:

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդի մայիսի 18-ի միաձայն որոշմամբ՝ Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութիւններու հաւաքածոն արձանագրուած է «Աշխարհի յիշողութիւն» համաշխարհային տոմարին մէջ՝ դառնալով Հայաստանէն այս ցանկին մէջ ներառուած չորրորդ գանձը:

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Աշխարհի յիշողութիւն» ծրագիրը մեկնարկած է 1992 թուականին` աշխարհի տարածքին գոյութիւն ունեցող արխիւներու եւ գրադարաններու արժէքաւոր հաւաքածոներու անհետ կորուստը կանխելու նպատակով: Այդ ծիրէն ներս ստեղծուած է «Աշխարհի յիշողութիւն» միջազգային տոմար: Տոմարին մէջ ընդգրկուած են այն փաստաթուղթերը, ձեռագիրները, տեսահնչիւնային նիւթերն ու գրադարանային հաւաքածոներն ու արխիւները, որոնք ճանչցուած են որպէս բացառիկ նշանակութիւն ունեցող արժէքներու մարմնաւորում եւ պէտք է վկայագրուին ու պահպանուին համայն մարդկութեան համար՝ յաւերժ:

Այդ հեղինակաւոր ցանկին մէջ Հայաստանը ներկայացուած է 1997 թուականին՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանով: Մեր ինքնութեան դրոշմը կրող Մատենադարանը Հայաստանի այցեքարտերէն մէկն է, եւ անշուշտ, Հայաստանէն առաջինը անիկա պիտի արժանանար հեղինակաւոր ցուցակին մէջ ներառուելու պատուին: Հայաստան այցելող բոլոր պատուոյ հիւրերը կ՚առաջնորդուին հոն, ուր կը գտնուի ձեռագրերու եւ միջնադարեան գիրքերու աշխարհի ամենախոշոր հաւաքածոներէն մէկը։ Շուրջ 23 հազար ձեռագիր, հմայիլներ, պատառիկներ եւ 300 հազար արխիւային փաստաթուղթ պարունակող Մատենադարանի հաւաքածոն աստիճանաբար կը թուայնացուի եւ հասանելի կը դառնայ ամէն մարդու՝ աշխարհի ամէն կողմը: Սակայն, հակառակ համացանցի միջոցով հաւաքածոն դիտելու կարելիութեան, Մատենադարան ամէն տարի շուրջ 50 հազար հոգի կ՚այցելէ: Այն առաջին գիտա-հետազօտական հիմնարկն է Հայաստանի մէջ եւ յիշենք նաեւ, որ այն ստեղծուած է 1921 թուականին՝ Էջմիածնի Մատենադարանի՝ տակաւին 5-րդ դարուն կազմուած հաւաքածոյի հիմքի վրայ: Եւ, արձանագրուած ըլլավ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Համաշխարհային յիշողութեան» ցանկին մէջ, Մաշտոցեան Մատենադարանը կը նկատուի ազգային յիշողութեան պահպանման եւ զարգացման ամենակարեւոր վայրերէն մէկը: Համայն հայութեան հպարտութիւն հանդիսացող Մատենադարանին մէջ ձեռագրերու ամենէն հին պատառիկները կը թուագրուին 5-6-րդ դարերուն: Հոն ամենահին պատկերազարդումներն ու մանրանկարչութիւնը Էջմիածնի Աւետարանին մէջ են, որն ալ կը թուագրուի 6-րդ դարուն։ Մատենադարանին մէջ պահուող ամենահին ամբողջական ձեռագիրը 887 թուականին գրուած Լազարեան Աւետարանն է, ամենամեծը՝ «Մշոյ ճառընտիր»ը, իսկ ամենափոքրը՝ Տօնացոյց մըն է՝ Կաֆայի մէջ 1434 թուականին գրուած եւ աննշան կրամներ կշռող մէկ թերթնոց ձեռագիր:

2011 թուականին Հայաստանը «Աշխարհի յիշողութիւն» շտեմարան մտաւ երկրորդ գանձով. ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի որոշմամբ եւ Միջազգային խորհրդատուական կոմիտէի եզրակացութեան հիման վրայ «Աշխարհի յիշողութիւն» միջազգային գրանցամատեանին մէջ ներառուեցաւ աշխարհահռչակ հայ աստղագէտ Բենիամին Մարգարեանի կատարած ուսումնասիրութիւնը՝ ծիրկաթիններու մասին: Բենիամին Մարգարեանի անունը այնքան ալ ծանօթ չէ հայ հանրութեան, մինչդեռ համաշխարհային գիտական ասպարէզին մէջ ան տակաւին անցեալ դարու կէսերուն ընդունուած, գնահատուած եւ մեծարուած գիտնական մըն էր, որու անունով կոչուած «Մարգարեանի ծիրկաթիններ» տեսութիւնը ուսումնասիրութեան առարկայ է աստղագէտներուն համար: Բենիամին Մարգարեան իր այդ մեծածաւալ դիտողական աշխատանքը կատարած է 1965-1980 թուականներու ընթացքին, Հայաստանի մէջ՝ Բիւրականի աստղադիտարանի իր գործակիցներուն հետ: Անոնք յայտնաբերած են գերմանիշակագոյն աւելցուկով 1500 ծիրկաթիններ, որոնք մինչ այսօր կ՚ուսումնասիրուին աշխարհի բազմաթիւ աստղադիտարաններու մէջ:

Այժմ այդ աշխատանքը կը նկատուի աշխարհի մէջ ամենամեծ լուսապատկերային շրջահայութիւնը, որ կը ծածկէ հիւսիսային երկինքի մեծ մասը: Մասնագէտներ բնոյթով եզակի կը նկատեն Մարգարեանի այդ աշխատութիւնը, զայն յարդգողներու որոնման առաջին կանոնաւոր ծրագիրն է: Մարգարեանի շրջահայութիւնը թուայնացուած է 2002-2005 թուականներուն եւ անոր մէջ պարունակուող կարեւորագոյն տեղեկատուութիւնը ընդմիշտ պահպանուած է՝ շնորհիւ «Աշխարհի յիշողութիւն» տոմարի: Մեծ գիտնականը՝ Բենիամին Մարգարեանը մահացած է 1985 թուականին: Այս տարի կը լրանայ անոր 110-ամեակը: Թէ՛ իր 100-ամեակի, թէ՛ ալ «Աշխարհի յիշողութիւն» տոմարի մէջ հերթական հայկական արժէքը ներառելու առթիւ կ՚արժէ անգամ մըն ալ յիշել համաշխարհային աստղագիտութեան մէջ եզակի ներդրում ունեցած հայ աստղագէտը: Երկինքի անհուն կապոյտն ու պայծառ աստղերը նկարագրող անոր գիտական գործը ուսումնասիրութեան եւ ներշնչանքի աղբիւր է ո՛չ միայն աստղագէտներուն համար, այլեւ՝ ուրիշ մասնագէտներու: Մարգարեանի անջրպետային ուսումնասիրութենէն ազդուելով՝ ամերիկացի երիտասարդ ձեւագէտ Ալեքսանտրա Օ՚Նիըլ 2017 թուականին ստեղծած է «Մարգարեան» ապրանքանիշը: Ապրանքանիշի հագուստները կապոյտի երանգները ունին եւ աստղային զանազան փայլերով պատուած են: Այդ հաւաքածոյէն հագուստ մը կրած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կինը՝ Պայտընի երդմնակալութեան արարողութեան ժամանակ: Շատերուն ուշադրութիւնը գրաւած է ԱՄՆ-ի առաջին տիկնոջ զգեստը, եւ լրատուամիջոցները յայտնած են հաւաքածոյին անունը, որմէ ընտրուած է ԱՄՆ-ի առաջին տիկնոջ հանդերձը: Հիմնելով իր ապրանքանիշը՝ Ալեքսանտրա Օ՚Նիըլ վստահ եղած է, որ Մարգարեան անունը ամենէն յարմարն է՝ երկինքի կապոյտ, երազային գոյներով ու աստղերու փայլերով ստեղծուող իր հագուստներուն համար: Աւանդոյթի համաձայն, ԱՄՆ-ի նախագահներու երդմնակալութեան ժամանակ նախագահի եւ անոր կնոջ կրած հագուստները կը փոխանցուին ամերիկեան Սմիթսոնեան ազգային հիմնարկի գլխաւոր թանգարանին, եւ Մարգարեան անունը անգամ մը եւս պատմութեան մէջ մտած է ա՛յս ճանապարհով:

2013 թուականին «Աշխարհի յիշողութիւն» տոմարին մէջ ներառուեցաւ հայկական երրորդ փաստագրական ժառանգութիւնը՝ երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանի ձեռագիր նօթագրութիւնը եւ մանաւանդ շարժապատկերներու համար գրած անոր երաժշտութիւնը: 20-րդ դարու հայ մեծ երաժշտահանի ստեղծագործութիւնները սնուած են ազգային մշակոյթի հարուստ աւանդութիւններէն, մեծ ազդեցութիւն ձգած հայկական, խորհրդային ու համաշխարհային մշակոյթի վրայ: «Աշխարհի յիշողութիւն» շտեմարանին մէջ անոր անունը դասուած է այնպիսի դասականներու կողքին, ինչպիսիք են Պեթհովըն, Պրամս եւ Շոփէն: Այս տարի կը լրանայ նաեւ 20-րդ դարու մեծանուն երաժշտահաններէն մէկուն՝ Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակը: Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ կարգ մը միջոցառումներ նախատեսուած են այս յոբելեանին առթիւ: Պետական մակարդակով պիտի նշանաւորուի երաժշտահանին յոբելեանը:

Առհասարակ «Աշխարհի յիշողութիւն» անուանացանկին մէջ ներառուած արժէքները զանազան բովանդակութիւն եւ բնոյթ ունին, բայց անխօս, բոլորն ալ մարդկութեան պատմութեան վրայ ձեւով մը ներգործած գանձեր են, որոնք պէտք է պահպանուին դարէ դար: Հոն կարելի է տեսնել Վրաստանի եւ Մեծն Բրիտանիոյ կողմէ համատեղ ներկայացուած «Վագրենաւորը» ստեղծագործութեան ձեռագիրը, Գերմանիոյ կողմէ ներկայացուած Քարլ Մարքսի ինքնագրով «Քափիթալ» աշխատութեան ձեռագիրը, 15-18-րդ դարերուն Լեհաստանի թագաւորութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ կնքուած խաղաղութեան պայմանագրերը, Սպանիոյ կողմէ ներկայացուած Եւրոպական խորհրդարանական համակարգի վերաբերեալ ամենահին փաստաթուղթը, 1497-1499 թուականներուն Վասքօ տէ Կամայի Հնդկաստան կատարած ճամբորդութեան վերաբերեալ ձեռագիրը եւ բազում այլ նիւթեր: Շնորհիւ ժամանակակից թուայնացման գործիքներու, այդ բոլորը անջնջելի կերպով պահուած են անվնաս կրիչներու վրայ՝ փակաղակներու տակ եւ անվնաս կերպով հասանելի պիտի ըլլան գալիք սերունդներուն:

Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութիւնները «Աշխարհի յիշողութիւն» տոմարին մէջ ներառելու համար հիմք հանդիսացած է Հայաստանի Հանրապետութեան յայտը, որ բաւարարուած է միաձայն կերպով: Այս մէկը նուէր մըն էր ընկճուած օրեր ապրող հայոց հանրապետութեան եւ նաեւ՝ համայն հայութեան եւ աշխարհի համար, քանի որ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները համահայկական, համամարդկային հարստութիւն են: Այս պատմական առիթով կրկին անդրադառնանք Մեծն Կոմիտասին:

 

ՄԵԾԵՐԸ՝ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՄԱՍԻՆ

Կոմիտասը ինծի ժամանակակից մարդ էր, «եղբայր Սողոմոնը», ինչպէս կը կոչէինք զինք Գէորգեան ճեմարանին մէջ: Տարիներ ապրած ենք նոյն յարկի տակ, խօսած, կատակած: Ճամբորդած ենք միասին հայ գիւղերն ու ուխտատեղիները (Սեւան, Հառիճ), ուր ան երգեր կը հաւաքէր: Եղած ենք միասին Եւրոպա, Իսթանպուլ, բայց այս ամէնը ինծի կը թուի ոչ իրական: Կոմիտասը ինծի համար հեռաւոր առասպել է եւ անոր կեանքն ու փառապանծ գործը՝ չքնաղ հրաշապատում մը:

Կոմիտասը մեր ժողովուրդի հպարտութիւնն է, անոր գործը՝ մեր ազգային անսպառ հարստութիւնը: Ինչո՞վ արժանացած է ան մեր ժողովուրդի այս բարձր գնահատանքին: Ան ո՛չ օփերաներ գրած է, ո՛չ մաղթանուագներ, թերեւս քանի մը եղանակներ կամ սիրերգեր միայն: Բայց աւելի մեծ գործ կատարած է, քան՝ այդ բոլորը: Ան յայտնագործած է մեր ազգային երգը, հայկական երաժշտութիւնը, ազգային մեղեդին՝ ինքնուրոյն, ինքնատիպ եւ անաղարտ: Ան հիմք դրած է ազգային երաժշտական մշակոյթին:

Մարդիկ կային՝ հայեր եւ օտարներ, որոնք կը պնդէին, թէ հայ ժողովուրդը ազգային երաժշտութիւն չունի, թէ անոր երգը նմանողութիւն է եւրոպականին, թրքականին, քրտականին…

Կոմիտասը անխոնջ աշխատասիրութեամբ, իր հանճարի ուժով, իր զարմանալի բնազդի շնորհիւ, նաեւ իր տեսական լուրջ պատրաստութեամբ ապացուցեց հակառակը, ապացուցեց հայ երաժշտութեան ինքնուրոյն գոյութիւնը՝ բխած հայ ժողովուրդի հոգիէն եւ դարերու միջով մեզի հասած: Ան դիմեց հայ երգի ակունքին՝ հայ շինականի, գեղջուկի, աշխատաւորի երգին, Արարատեան դաշտի, Շիրակի, Վանի, Մուշի ժողովրդական երգերուն: Ան ուզեց հայկական երկրի բնութեան մէջ, հայ գեղջուկի շուրթերէն լսել հայ եղանակներն ու երգի խօսքերը:

Ան խառնուեցաւ այդ երգերը ստեղծող ժողովուրդին հետ, ներձուլուեցաւ անոր հետ, ներապրեցաւ անոր երգերը եւ սիրտով հասկցաւ, որ հայ երգի ձեռագիրը թաքնուած է ժողովուրդի այդ երգերուն մէջ, միայն պէտք է մաքրել այդ երգերը օտարամուտ ժանգէն ու անտեղի զարդերէն, որոնք աղարտած էին հայ երգը: Եւ ցոյց տուաւ աշխարհին մեր ազգային երգը՝ մաքրած, ինքնուրոյն եւ անաղարտ:

*

Միջահասակ, նիհար, ջղուտ եւ զգայուն։ Դէմքը դեղնաւուն, աչքերը արտայայտիչ եւ վառվռուն։ Գլուխը ճաղատ, մօրուքը ո՛չ վարդապետավայել, այլ ծնօտին տակ միայն ձգած, այսպէս կոչուած՝ Վակներեան։

Արագաքայլ եւ անհամբեր, մի՛շտ շտապող, մի՛շտ աշխատասէր, կեանքէն գոհ, լաւատես… Կ՚ապրէր, կարելի է ըսել՝ սպարտական կեանքով, ուտելու մէջ՝ պարզ եւ չափաւոր, չէր խմեր ու չէր ծխեր, գարուն թէ ձմեռ կը քնանար բաց պատուհանով եւ ամենագլխաւորը՝ կը պառկէր ուղղակի յատակի վրայ, առանց ներքնակի եւ բարձի։

Նօթագրութեան մէջ մաքրասէր էր։ Կը գրէր գեղեցիկ, իր իսկ տողած թուղթերուն վրայ, այնպէս որ անոր ձեռագիրէն կարելի էր ուղղակի (քլիշէ) պատրաստել։

ԳԱՐԵԳԻՆ ԼԵՒՈՆԵԱՆ
(հայագէտ)

*

Կոմիտասը բնութեան հրաշքներէն է: Մի՞թէ հրաշք չէ՝ տասը տարեկան որբը գայ Էջմիածին, կաթողիկոսի մօտ տաճկերէն երգէ, յետոյ ալ…

Ան պատարագ ստեղծած է: Անոր պատարագը մեր ժողովրդական ոգիի խտացումն է: Ատիկա մեծ արուեստ է, մեր ժողովրդական իսկական օփերան: Կոմիտասը խորը կը զգար ժողովրդական ոգին, եւ ան կարող էր գրել այդպիսի մեծ գործ…

Կը լսեմ ու կը զարմանամ անոր երգի պարզութեան վրայ: Պարզութիւնը, բնականութիւնը հանճարի ամենաբնորոշ յատկութիւնն է: Արուեստի հետ գործ ունենալու ժամանակ պէտք չէ մտածես այն ինչպէ՛ս ստեղծուած է: Ամէն մէկ գիծ պէտք է արժէք, բովանդակութիւն ունենայ: Գաղտնիքն ալ նոյնինքն պարզութեան մէջ է: Բնութիւնն ալ այդպէս է՝ պարզ ու անբացատրելի: Կը կարծէք՝ մենք ամբողջովին կը հասկնա՞նք Կոմիտասը: Անոր մեծութիւնը իր մէջ է, ոչ ոք սորվեցուցած է, բայց ան զգացած է, մտած է բնութեան մէջ: Այս երաժշտութիւնը իր կանոններն ունի, որ թելադրուած է մեր երկրի ու ժողովուրդի ոգիով….:

ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆ
(գեղանկարիչ)

*

Բերայի Բանկալթի թաղամասին մէջ, գլխաւոր պողոտային վրայ, Ս. Յակոբ ախարեթներ կոչուած տուներէն վերջնոյն մէջ կ՚ապրէր Կոմիտասը, իրեն ընկեր ունենալով յայտնի նկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանը:

Կոմիտասի աջակցութեամբ Փանոս Թերլեմեզեանը այդ բնակարանի երրորդ յարկին մէջ հիմնեց իր աշխատանոց-դասարանը՝ բոլոր յարմարութիւններով, նոյնպէս երկրորդ յարկին վրայ վարձեց երկու այլ սենեակներ, ուր ցուցադրուեցան իր նկարները:

Բանկալթիաբնակ ո՞ր հայը իր օրուան երթեւեկին չհանդիպեցաւ Կոմիտասի տունը մտնող-ելլող խումբ-խումբ օտար մարդոց, կամ անոր դրան առջեւ պաշտօնական կառքերով եկող դեսպանական այցելուներուն:

Գալով մեզի՝ Բերայի խումբ մը երիտասարդ նորաւարտ արուեստագիտուհիներուս, թէ՛ երաժշտական եւ թէ՛ նկարչական գործերու պատրուակներով այդ արուեստի օճախը յաճախ մտնելու առիթներ ստեղծեցինք: Մեր խումբի ընկերուհիներէն չորսը Փանոս Թերլեմեզեանի նկարչական դասարանին լաւագոյն աշակերտուհիներն էին,- օրիորդ Ատրինէ Տօնելեան (դուստրը բանաստեղծուհի Սիպիլին), օրիորդներ Էլիզ Ճենտերեճեան, Շուշանիկ Պոշնակեան (ներկայիս նկարչուհի ի Փարիզ) եւ պելճիքացի Ժան-Պերթինիէ:

Շաբաթ կամ հինգշաբթի կէսօրէ վերջերը կը բարձրանայինք իր տան երկրորդ յարկը, փողոցին վրայ նայող լուսաւէտ մեծ սենեակը, որ Կոմիտասի ընդունարան-աշխատանոցն էր:

Կը գտնէինք զինքը սենեակին պատշգամին վրայ, իր լայն բազկաթոռին մէջ, ուր կը կարդար կամ դաշնամուրին եւ կամ ֆիլհարմոնիային առջեւ նուագով կը զբաղէր:

Որքա՜ն պաշտելի էր ան, երբ մեր խնդրանքին վրայ կ՚երգէր երիտասարդական կեանքին խօսող մեր ամենասիրելի երգերէն «Իմ չինարի եարը», «Էս գիշեր լուսնեակ գիշեր»ը, «Քելեր-ցոլերը», որոնք երեքն ալ կոմիտասեան ինքնուրոյն արուեստի նմոյշներ, մեզ կը տանէին դէպի մեր սիրելի հայրենիքը, դէպի Հայաստան, դէպի անոր հիասքանչ բնութիւնը, դէպի հայ շինականի չարքաշ աշխատանքն ու վաստակը:

Մեծ երաժշտագէտը մեր սիրտին եւ հոգւոյն մէջ բացի հայ տոհմային երաժշտութեան սէրն ու ճաշակը ներարկելէն, երբեք չէր մերժեր պելճիքացի օրիորդ Պերթինիէի խնդրանքով երգել Շուպերթի սերենատը գերմաներէն բառերով, Մասընէի ռոմանսը ֆրանսերէնով, Հենտըլի «Ալելուիա»ն, Կունոյի եւ Տիգրան Չուխաճեանի «Աւէ Մարիա»ները իտալերէնով:

Կոմիտաս Վարդապետի աշխատանոցին մէջ յաճախ կը հանդիպէինք պոլսահայութեան քաջ ծանօթ եւրոպացի մեծ երաժիշտներէն Հեկէի, Ֆուրլանիի, Լանկիի, Սելվելի, Կուրպի եւ Սինանեան եղբայրներուն, Էտկար Մանասին եւ շատ շատերուն:

1911-ի ամառէն սկսեալ մինչեւ յաջորդ տարուան վերջը, Կոմիտասի տան մէջ մենք յաճախ հանդիպեցանք համայն հայութեան զոյգ մը սիրելագոյն բանաստեղծներուն՝ Աւետիք Իսահակեանին եւ անոր մտերիմ ընկեր Սիամանթոյին (Ատոմ Եարճեանեան), որոնք նոյնպէս կ՚ապրէին Բանկալթի, մեծ երաժշտագէտի բնակարանին շատ մօտ:

Ահա տասնեակ տարիներէ վերջ ալ, կարելի՞ է նուիրականութեամբ չվերյիշել այն յաւէտ անմոռանալի պատկերները, որոնց առանցքը կը կազմէր հայ ժողովուրդի երգի կոթողը՝ անմահ Կոմիտասը:

ԱՂԱՒՆԻ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
(դաշնակահարուհի)

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2023, 08:40