Որոնել

Կեսարիոյ մէջ գանձագողերը պատմական թաղամասը կողոպտած են Կեսարիոյ մէջ գանձագողերը պատմական թաղամասը կողոպտած են 

Կեսարիոյ մէջ գանձագողերը պատմական թաղամասը կողոպտած են

Դատարկուած թաղամասին մէջ կան պահպանութեան տակ առնուած 21 եկեղեցի ու 14 պատմական տուներ, որ թիրախ դարձած են գանձ որոնողներուն կողմէ։ Գանձագողերը վնաս կը պատճառեն սոյն պատմական շինութիւններուն։

Կեսարիոյ Եէշիլհիսար գաւառին մէջ, 2011 թ․ աղէտի գօտի հռչակուելուն պատճառով դատարկուած Պաշքիոյ թաղամասը վերածուած է գանձագողերու թիրախի։ Այս մասին կը յայտնէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները։

Աղբիւրին համաձայն՝ դեռ հռոմէական դարաշրջանին հիմնուած այս թաղամասը 2011 թ․ աղէտի գօտի հռչակուած էր այն բանէն ետք, երբ ժայռաբեկորը ընկած էր քաղաքացիներէն մէկուն վրայ, եւ վերջինս մահացած էր։

Թաղամասի բնակչութիւնը տեղափոխուած է այլ բնակավայր մը։ Դատարկուած թաղամասին մէջ կան պահպանութեան տակ առնուած 21 եկեղեցի ու 14 պատմական տուներ, որ թիրախ դարձած են գանձ որոնողներուն կողմէ։ Գանձագողերը վնաս կը պատճառեն սոյն պատմական շինութիւններուն։

Պաշքիոյի թաղապետ Եուսուֆ Թունջերը թրքական լրատուամիջոցի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին շեշտած է, որ այստեղ կը գտնուին նաեւ հին յունական տուներ։ Ան յայտնած է, որ թէեւ տեղի իշխանութիւնները ամէն բան կ՝ընեն գանձագողերուն արգելք ըլլալու համար, սակայն չեն կրնար զսպել անոնց։

Թաղապետը նաեւ ընդգծած է Կապադովկիոյ մուտքը համարուող Պաշքիոյ թաղամասին մէջ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու անհրաժեշտութեան մասին։

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2023, 08:00