Որոնել

2023.05.27   Croce Rossa Internazionale

Միջազգային Կարմիր Խաչի յանձնախումբի ներկայացուցիչները տեսակցած են Ազրպէյճանի մէջ պահուող երկու հայ զինուորներուն հետ

«Անոնց հետ տեղի ունեցած են առանձնազրոյցներ, եւ հաստատուած է ընտանիքներու հետ կապը` նամակներու միջոցով»

7 յունիսին Միջազգային կարմիր խաչի յանձնախումբի ներկայացուցիչները այցելած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ ազրպէյճանցիներու կողմէ առեւանգուած եւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող երկու հայ զինուորներուն: Այս մասին «Թերթ»-ին յայտնած է Միջազգային կարմիր խաչի յանձնախումբի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ կանխարգիլման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի:

«Անոնց հետ տեղի ունեցած են առանձնազրոյցներ, եւ հաստատուած է ընտանիքներու հետ կապը` նամակներու միջոցով», մանրամասնած է ան:

Յիշեցնենք, որ 26 մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտնած էր, որ ժամը 19:00-ին ընդհատուած է կապը` մարտական դիրքեր սնունդ մատակարարող Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու 2 զինուորներու հետ:

Մարտական յենակէտեր սնունդ մատակարարող երկու հայ զինուորներու առեւանգման փաստով Հայաստանը դիմած է Սթրազպուրկի դատարան` միջանկեալ միջոց կիրարկելու պահանջով:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2023, 08:46