Որոնել

Եւրոպական դատարանը Եւրոպական դատարանը 

ՄԻԵԴ-ը Ազրպէյճանին մինչեւ 6 յունիս ժամանակ տուաւ 2 Հայ զինուորներու մասին տեղեկութիւն տրամադրելու համար

28 մայիսին Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակը ՄԻԵԴ-ին ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազրպէյճանի իրաւասութեան տակ գտնուող երկու զինուորներու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ դիմում եւ պահանջած, որ դատարանի կանոնագիրքի 39-րդ կանոնին համաձայն միջանկեալ միջոց կիրարկուի Ազրպէյճանի նկատմամբ` զերծ մնալու հայ զինուորներու իրաւունքներու խախտումներէն:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ նախապէս ներկայացուած դիմումի հիման վրայ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) որոշում տուած է եւ Ազրպէյճանէն պահանջած մինչեւ 6 յունիս ներառեալ տրամադրել տեղեկութիւն, թէ արդեօք երկու հայ զինուորները գերիի կամ այլ կարգավիճակի մէ՞ջ կը գտնուին Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ, եթէ այո՛, դատարանը Ազրպէյճանէն պահանջած է տեղեկութիւն տրամադրել զինուորներու պահպանման պայմաններու եւ բժշկական հետազօտութիւններու մասին: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակը:

Յայտնենք, որ 28 մայիսին Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակը ՄԻԵԴ-ին ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազրպէյճանի իրաւասութեան տակ գտնուող երկու զինուորներու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ դիմում եւ պահանջած, որ դատարանի կանոնագիրքի 39-րդ կանոնին համաձայն միջանկեալ միջոց կիրարկուի Ազրպէյճանի նկատմամբ` զերծ մնալու հայ զինուորներու իրաւունքներու խախտումներէն:

Միեւնոյն ժամանակ պահանջ ներկայացուած է վերջիններուս պահման վայրի, պայմաններու եւ առողջական վիճակի վերաբերեալ տեղեկատուութիւն տրամադրելու:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2023, 08:26