Որոնել

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել  (REUTERS)

Պորել. «Ազրպէյճանի կողմէ Անցակէտի տեղադրումը կը հակասէ կողմերուն միջեւ վստահութիւն կառուցելու ջանքերուն»

Պորելի համաձայն, ներկայ կացութիւնը յատկապէս ծանր է ղարաբաղցի հայերուն համար, որոնք «մնացած են այդ ներերկրին մէջ»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել Եւրոպական խորհրդարանին մէջ «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները եւ Լեռնային Ղարաբաղի ու Լաչինի միջանցքին մէջ տիրող կացութիւնը» նիւթով քննարկման ժամանակ յայտարարած է. «Լաչինի միջանցքին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ անցակէտի տեղադրումը կը հակասէ կողմերուն միջեւ վստահութիւն կառուցելու ջանքերուն»:

Պորելի համաձայն, ներկայ կացութիւնը յատկապէս ծանր է ղարաբաղցի հայերուն համար, որոնք «մնացած են այդ ներերկրին մէջ»:

Պորել նշած է, որ Բերձորի միջանցքը Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան պատասխանատուութենէն դուրս է: «Կան տարածքային գօտիներ, Հայաստանի հետ սահմանային հատուածներ, ուր կ՛երեւի, թէ Լաչինի միջանցքին մէջ ինչ կը կատարուի: Սակայն միջանցքը ինքնին առաքելութեան իրաւասութիւններուն եւ պատասխանատուութեան գօտիէն դուրս է: Այժմ կը փորձենք յատուկ այս խնդիրին համար լուծում գտնել»:

«Եւրոպական առաքելութեան առաւել արդիւնաւէտ գործունէութեան համար պէտք է ըլլայ լրացուցիչ իրաւակազմակերպչական հարցերու համարժէք լուծում: Միջազգային ընտանիքն ու Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին յորդորած են կարելիութիւն ընձեռել, որպէսզի դէտերը կարենան մուտք գործել Լաչինի միջանցք եւ ըլլալ այնտեղ տեղակայուած անցակէտին մէջ», ըսած է Եւրոպական Միութեան յանձնակատարը:

Պորել նաեւ շեշտած է, որ Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու չէ ուժային լծակներ կիրարկելով` Ազրպէյճանին բան մը պարտադրելու:

Ան նաեւ ըսած է, որ Մոլտովայի մէջ շատ կարեւոր հանդիպում տեղի ունեցած է Ֆրանսայի նախագահին, Գերմանիոյ վարչապետին եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին միջեւ` աւելցնելով, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ յաւելեալ հանդիպում կը նախատեսուի յուլիսին Պրիւքսելի մէջ, եւ որ ջանքեր կը գործադրուին հայ-ազրպէյճանական տագնապը լուծելու համար, իսկ կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու բանակցութիւնները:

«Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացի մէկ մասն է, սակայն անիկա չի կրնար ամբողջութեամբ փոխարինել հոլովոյթը. միակ լուծումը դիւանագիտական ոլորտին մէջ է», ըսած է ան:

«Մոլտովայի մէջ կայացած հնգակողմ հանդիպումի ժամանակ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները ճանչցած են իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը. Հայաստանը ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ Ազրպէյճանի բաղկացուցիչ մաս: Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի առաջին ղեկավարն է, որ կատարած է նման յայտարարութիւն, եւ Եւրոպական Միութիւնը յոյս ունի, որ Պաքուն կ՛ընդունի այդ պատգամը եւ աւելի մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու իրաւունքներուն ու անվտանգութեան հարցերուն», յայտարարած է Պորել:

«Յոյս ունինք, որ հայկական կողմի պատգամը խթան պիտի հանդիսանայ` դրական հուն մղելով բանակցային հոլովոյթը», ըսած է Պորել:

«Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը ներառեց Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Սակայն անոր վերջնական կարգավիճակը ի՞նչ կրնայ ըլլալ, չեմ կրնար ըսել: Առաջին անգամ Հայաստանի ղեկավարը աներկբայելի կերպով կը ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ: Ասիկա աննախադէպ է», յայտնեց Եւրոպական Միութեան յանձնակատարը:

Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ բարձր գնահատած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ինչ որ, անոր պնդումով, կարեւոր գործօն է հայ-ազրպէյճանական տագնապի հանգուցալուծման գործին մէջ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2023, 08:42