Որոնել

2023.06.07 La Bibbia è il libro più richiesto a Stepanakert (Artsakh)

Ստեփանակերտի գրախանութներուն մէջ ամենապահանջուած գիրքը Աստուածաշունչն է

Ստեփանակերտի գրախանութներուն մէջ ամենափնտռուած գիրքերու հինգերորդ հորիզոնականին վրայ Յովհաննէս Թումանեանի «Հեքիաթների ժողովածու»-ն է:

«Արցախպրես» լրատուական գործակալութեան «Արցախեան բեսթսելեր» նախագիծը կը ներկայացնէ ընթացիկ տարուան Մայիս ամսուան եւ Յունիսի առաջին հնգօրեակին Ստեփանակերտի մէջ ամենավաճառուած գիրքերուն հնգեակը:

Առաջին հորիզոնականի վրայ Աստուածաշունչն է՝ Հին ու Նոր Կտակարանները:

Երկրորդ տեղը Ճոան Ռոուլինկի «Հարրի Փոթըրը եւ Փիւնիկի միաբանութիւնը» վէպն է:

Երրորդ հորիզոնականի վրայ Խալէտ Հոսէյնի «Օդապարուկ թռցնողը» վէպն է, որ կը պատմէ Աֆղանիստանի Քապուլ քաղաքին մէջ ապրող Ամիր անունով տղայի եւ անոր ամենամտերիմ ընկերոջ՝ Հասանի մասին, որ տան ծառայի որդին է:

Չորրորդ հորիզոնականին վրայ Էրիխ Մարիա Ռեմարգի «Երկինքն ընտրեալներ չունի» ստեղծագործութիւնն է։ Անիկա կը պատմէ ինքնաշարժի տարեց մրցարշաւորդ Քլեղֆենի մասին, որ կ՝այցելէ առողջարանին մէջ բուժուող երբեմնի գործընկերոջ ու այնտեղ կը ծանօթանայ ծանր հիւանդ Լիլիանին։

Ստեփանակերտի գրախանութներուն մէջ ամենափնտռուած գիրքերու հինգերորդ հորիզոնականին վրայ Յովհաննէս Թումանեանի «Հեքիաթների ժողովածու»-ն է:

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2023, 07:59