Որոնել

Վնաստուած ինքնաշարժ Վնաստուած ինքնաշարժ 

Ազրպէյճան կրակած է Երասխի մէջ կառուցուող գործարանի ուղղութեամբ. Վիրաւորուած է շինարարութեան վրայ աշխատող 2 օտարերկրացի

Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական կոմիտէն ազրպէյճանական նախայարձակումին գծով նախաձեռնեց քրէական վարոյթ:

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը 14 յունիսի ժամը 11:45-ի սահմաններուն մէջ կրակ բացած են Երասխի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու միջոցով կառուցուող մետաղագործական գործարանի ուղղութեամբ, այդ պատճառով ալ վիրաւորուած է օտարերկրացի 2 քաղաքացի: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

«Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ժամը 11:30-ի սահմաններուն մէջ տարածելով ապատեղեկատուութիւն այն մասին, թէ իբրեւ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերը կրակ բացած են Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ, ստեղծելով տեղեկատուական հիմք, 10-15 վայրկեան ետք` ժամը 11:45-ի սահմաններուն մէջ, նոյն ուղղութեամբ կրակ բացած է Երասխի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու միջոցով կառուցուող մետաղագործական գործարանի ուղղութեամբ, այդ պատճառով ալ վիրաւորուած է օտարերկրեայ 2 քաղաքացի», նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական կոմիտէն ազրպէյճանական նախայարձակումին գծով նախաձեռնեց քրէական վարոյթ:

Վիրաւորուած երկու քաղաքացիները գործարանի կառուցման շինարարական աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած Հնդկաստանի քաղաքացիներ Մոհամետ Ասիֆը եւ Միրհասան Սահաճանն են: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Աւելի կանուխ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ վիրաւորներուն վիճակը կը գնահատուի միջին ծանրութեան:

Աւելի ուշ, ժամը 13:45-ին, Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Հայկական կողմը տուժածներ չունի:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2023, 08:11