Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պիտի մասնակցին մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի հրապարակային լսումներուն
Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը համաձայն գտնուած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մէջ մասնակցելու հրապարակային լսումներուն: Բաց քննարկումը տեղի պիտի ունենայ 1 փետրուար 2021-ին ներկայացուած «Հայաստանն ընդդէմ Ազրպէյճանի» առաջին միջպետական գանգատի ծիրին մէջ:
Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան «Լուրեր»-ուն ըսած է, որ գրաւոր ընթացակարգը աւարտած է, կը սպասուի դատարանին կողմէ հրապարակային լսումներու կատարման:
ՄԻԵԴ ներկայացուած առաջին միջպետական գանգատը կը վերաբերի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ ատոր յաջորդող ժամանակահատուածին Ազրպէյճանի կողմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական հռչակագիրի խախտումներուն:
Հայաստան պնդած է, որ Ազրպէյճան խախտած է անձերու կեանքի, խոշտանգումներէ եւ անմարդկային վերաբերումէ զերծ մնալու, անձեռնմխելիութեան, սեփականութեան, անձնական եւ ընտանեկան կեանքի, կրթութեան եւ շարք մը այլ իրաւունքները: Գանգատին մէջ արծարծուած են նաեւ գերիներու, Արցախի տեղահանուած բնակչութեան, զոհերու եւ վիրաւորներու, տեղական եւ միջազգային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցեր:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ