Որոնել

2021.11.24 Patriarca della Grande Casa di Cilicia Aram I

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը սակարկութեան նիւթ չի կրնար դառնալ»

«Համաձայն միջազգային իրաւունքի, ժողովուրդները ունին ինքնորոշման իրաւունք, ուստի Արցախի ժողովուրդը իր դարաւոր հայրենիքին մէջ ինքնորոշման իրաւունք ունի»:
Ունկնդրէ լուրը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած է գրառում մը, որուն մէջ շեշտած է, որ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը չի կրնար սակարկութեան նիւթ դառնալ:

«Ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային օրէնքի անբաժան մասը կը կազմէ: Հետեւաբար, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը սակարկութեան նիւթ չի կրնար դառնալ», գրած է վեհափառ հայրապետը, ապա այլ գրառումով մը աւելցուցած. «Համաձայն միջազգային իրաւունքի, ժողովուրդները ունին ինքնորոշման իրաւունք, ուստի Արցախի ժողովուրդը իր դարաւոր հայրենիքին մէջ ինքնորոշման իրաւունք ունի»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2023, 08:30