Որոնել

2023.06.13 Riunione del Consiglio Ecclesiastico a Etchmiadzin

Էջմիածին Հայաստանի իշխանութիւնը յորդորեց՝ հետամուտ ըլլալու Արցախահայութեան իրաւունքի գործադրութեան

«Յայտնում ենք մեր զօրակցութիւնը արցախահայ մեր եղբայրներին ու քոյրերին՝ քաջալերելով, հակառակ առկայ մարտահրաւէրներին, երբեք չընկրկել դժուարութիւնների առջեւ, շարունակել պաշտպանել ու շէնացնել Արցախ աշխարհը՝ զօրացած յոյսով ու հաւատքով», կ՛ըսուի յայտառառութեան մէջ:

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն հաղորդեցին, որ 5-8 Յունիսին, Էջմիածինի մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ՝ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը, որուն ընթացքին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ զեկոյցներով հանդէս եկան Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեան եւ ԳՀԽի անդամ Գէորգ Դանիէլեան:

Ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Մայր Աթոռի միաբանական համագումարին մասնակցողները յորդորեցին Հայաստանի իշխանութիւնները՝ հետամուտ ըլլալու արցախահայութեան՝ «սեփական բնօրրանում ազատ, անկախ եւ անվտանգ ապրելու իրաւունքի իրացմանը, նաեւ՝ Հայաստանի սահմանամերձ տարածքների անվտանգութեանն ու անձեռնմխելիութեանը»:

«Յայտնում ենք մեր զօրակցութիւնը արցախահայ մեր եղբայրներին ու քոյրերին՝ քաջալերելով, հակառակ առկայ մարտահրաւէրներին, երբեք չընկրկել դժուարութիւնների առջեւ, շարունակել պաշտպանել ու շէնացնել Արցախ աշխարհը՝ զօրացած յոյսով ու հաւատքով», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտառառութեան մէջ:

Միաբանները նաեւ կոչ կ՛ուղղեն՝ համախմբուելու եւ ամրապնդելու ազգային միաբանութիւնը՝ «անխաթար պահելով ազգային-հոգեւոր արժէքները, որոնք դարեր շարունակ սնուցել ու զօրացեալ են պահել մեր ինքնութիւնը: Հայոց կեանքից հեռու վանել ատելութիւնն ու թշնամանքը, քաղաքական համոզումներով թելադրուած անհանդուրժողութեան ցանկացած դրսեւորում՝ ազգային կեանքի ընթացքը ամրօրէն խարսխելով եղբայրսիրութեան ու համերաշխութեան հիմերի վրայ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: 

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2023, 08:05