Որոնել

«Հայաստանի արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ադրբեջանի արտաքին գործերի նախարար Ջէյհուն Բայրամովի միջեւ հանդիպում «Հայաստանի արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ադրբեջանի արտաքին գործերի նախարար Ջէյհուն Բայրամովի միջեւ հանդիպում  

Երեւան եւ Պաքու փոխըմբռնման որոշ յառաջընթաց արձանագրեցին, սակայն առանցքային հարցերու շուրջ կը մնան տարամէտ

«Հայաստանի արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ Ադրբեջանի արտաքին գործերի նախարար Ջէյհուն Բայրամովը Մայիսի 1-4ն Արլինգթոնում (ԱՄՆ Վիրջինիա նահանգ) անցկացրել են բանակցութիւններ:

Ուաշինկթընի Արլինկթըն արուարձանին մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» երկկողմ համաձայնագիրի նախագիծի կարգ մը յօդուածներու վերաբերող փոխըմբռնման որոշ յառաջընթաց ունեցան՝ նոյն ժամանակ արձանագրելով, որ կարգ մը առանցքային հարցերու շուրջ դիրքորոշումները կը մնան տարամէտ: Այս մասին կ՛ըսուի բանակցութիւններուն արդիւնքներուն հիման վրայ կողմերուն հրապարակած միասնական հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութիւնը, զոր տարածեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական գրասենեակը՝ հետեւեալն է.

գ«Նախարարները հիւրընկալուել են Ջորջ Շուլցի արտաքին գործերի ազգային ուսումնական կենտրոնում: Վաշինգտոնում նախարարները հանդիպել են ԱՄՆ պետքարտուղար Էնթոնի Բլինքենի եւ նախագահի օգնական եւ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ջէյք Սալիւանի հետ:

«Նախարարները ներկայացրել են իրենց տեսակէտներն առկայ իրավիճակի շուրջ եւ իրենց դիրքորոշումներն են յայտնել յարաբերութիւնների կարգաւորմանն առնչուող գոյութիւն ունեցող խնդիրների վերաբերեալ:

«Նախարարները եւ նրանց թիմերն «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման մասին» երկկողմ համաձայնագրի նախագծի որոշ յօդուածների շուրջ ունեցել են փոխըմբռնման առաջընթաց՝ միեւնոյն ժամանակ արձանագրելով, որ մի շարք առանցքային հարցերի շուրջ դիրքորոշումները մնում են տարամէտ:

«Երկու նախարարներն իրենց գնահատանքն են յայտնել ամերիկեան կողմին Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ բանակցութիւնները հիւրընկալելու համար: Կողմերը պայմանաւորուել են շարունակել քննարկումները«:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալըվըն, անդրադառնալով Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպումին՝ «Թուիթըր»ի վրայ գրած է հետեւեալը. «Մենք կ՛ողջունենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթացը եւ կը խրախուսենք շարունակական երկխօսութիւնը։ Կայուն եւ արդար համաձայնագիրը առանցքային պիտի ըլլայ երկու երկիրներու եւ տարածաշրջանի համար կարելիութիւններ բանալու համար»:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2023, 07:35