Որոնել

AFM_UNESCO_82521.jpeg

Ուաշինկթըն կը քննադատէ Արցախի հայկական հոգեւոր ժառանգութիւնը ոչնչացնելու Ատրպէյճանի քայլերը

Զեկոյցին համաձայն, 2022ին Ատրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութեան վիճակը բացասական ընթացք ունեցած է, յիշեցնելով Արցախի մէջ Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական հոգեւոր ժառանգութեան ոչնչացումի պարագաները:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովի (USCIRF) 2022ի կրօնական ազատութեան վերաբերեալ զեկոյցը, որուն մէջ Ատրպէյճան ներառուած է յատուկ հսկողութեան տակ գտնուող երկիրներու ցանկին մէջ:

«Արմէնփրէս» կը գրէ, որ, զեկոյցին համաձայն, 2022ին Ատրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութեան վիճակը բացասական ընթացք ունեցած է, յիշեցնելով Արցախի մէջ Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական հոգեւոր ժառանգութեան ոչնչացումի պարագաները:

«Միջազգային մարմինները եւ այլ կազմակերպութիւններ կը շարունակեն կասկածի տակ դնել Ատրպէյճանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը` պաշտպանելու եւ պահպանելու կրօնական ու մշակութային ժառանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից տարածքներուն մէջ, որոնք կը գտնուին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Փետրուարին, նախկին մշակոյթի նախարար Անար Քերիմով յայտարարեց աշխատանքային խումբ մը ստեղծելու մասին, որուն նպատակն էր եկեղեցիներէն հեռացնել Հայ առաքելական արձանագրութիւնները, զորս ան անուանած էր «անիրական»: Ըստ ամենայնի, կառավարութիւնը հրաժարեցաւ այդ ծրագիրէն, միջազգային հանրութեան վրդովմունքէն ետք, իսկ Մարտին Եւրոպական խորհրդարանը դատապարտեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ջնջելու եւ ժխտելու Ատրպէյճանի շարունակական քաղաքականութիւնը», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ։

USCIRF-ը խորհուրդ կու տայ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան՝ յատուկ գումար տրամադրելու «Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Պաքուի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան` Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից շրջաններուն մէջ պաշտամունքի վայրերու եւ այլ կրօնական կամ մշակութային վայրերու վերականգնման, պահպանման եւ պաշտպանութեան համար»:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2023, 08:24