Որոնել

2022.10.27 Unesco - Organizzazione delle Nazioni Unite per l'Educazione, la Scienza e la Cultura

ԵՈՒՆԵՍՔՕի մէջ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական ժառանգութեան սպառնացող վտանգը

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ անդրադառնալով արտակարգ եւ պատերազմական իրավիճակներու մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ ծաւալող գործունէութեան, Տէր Ստեփանեան յիշեցուց Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ 13 Սեպտեմբեր 2022ին սանձազերծած յարձակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը, մասնաւորապէս` տուժած մարզերուն մէջ կրթական համակարգին կրած վնասները, եւ ներկայացուց իրավիճակի յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը:

ԵՈՒՆԵՍՔՕի կեդրոնին մէջ, 15 Մայիսին ընթացք առաւ Գործադիր խորհուրդի 216րդ նստաշրջանը: Նոյն օրը կայացած լիագումար առաջին նիստին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիստիան Տէր Ստեփանեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ անդրադառնալով արտակարգ եւ պատերազմական իրավիճակներու մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ ծաւալող գործունէութեան, Տէր Ստեփանեան յիշեցուց Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ 13 Սեպտեմբեր 2022ին սանձազերծած յարձակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը, մասնաւորապէս` տուժած մարզերուն մէջ կրթական համակարգին կրած վնասները, եւ ներկայացուց իրավիճակի յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը:

Տէր Ստեփանեան համոզում յայտնեց, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕն պատասխանատուութիւն կը կրէ բոլոր այն մարդոց համար, որոնց կրթութեան իրաւունքը կ՛ոտնահարուի: Այդ պարունակին մէջ, ան յիշատակեց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքները Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան համար եւ յատկապէս 30,000 երեխաներու կրթութեան իրաւունքին ոտնահարումը: Ան վերահաստատեց հրատապութիւնը՝ ՄԱԿի միջգործակալական փաստահաւաքի առաքելութեան ուղարկումին:

Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկուող տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան սպառնացող վտանգներուն գծով, մասնաւորապէս` Շուշիի եւ Հադրութի շրջաններուն մէջ: Ան ընդգծեց, որ 2020էն սկսեալ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, քանդումի եւ իւրացման բազմաթիւ դէպքերը հայկական մշակութային հետքի վերացման նպատակի խօսուն ապացոյցներ են: Այդ պարունակին մէջ, դեսպան Տէր Ստեփանեան վերահաստատեց դէպի Արցախ եւ յարակից տարածքներ ԵՈՒՆԵՍՔՕի առաքելութիւն մը ուղարկելու հրատապ ցանկութիւնը:

Աղբիւրը` Ասպարէզ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2023, 08:28