Որոնել

Ստեփանակերտ-Շուշի ճանապարհի հատուածին մէջ խաղաղ ցոյց Ստեփանակերտ-Շուշի ճանապարհի հատուածին մէջ խաղաղ ցոյց 

Ստեփանակերտ-Շուշի ճանապարհի հատուածին մէջ խաղաղ ցոյց` Ազրպէյճանական ապօրինի անցակէտը հեռացնելու պահանջով

հանրահաւաքին մասնակցած են երիտասարդներ, քաղաքական տարբեր ուժերու ներկայացուցիչներ եւ քաղաքացիներ:

«Ո՛չ Արցախի ցեղային զտման» շարժումին մասնակիցները երրորդ օրն ըլլալով կը շարունակեն խաղաղ ցոյցը Ստեփանակերտ-Շուշի ճանապարհի սկզբնամասին, ուր երէկ հանրահաւաք տեղի ունեցած է` ազրպէյճանական անցակէտը անյապաղ հեռացնելու եւ Արցախի ապաշրջափակման պահանջով:

«Արցախփրես»-ի թղթակիցին հաղորդումով` հանրահաւաքին մասնակցած են երիտասարդներ, քաղաքական տարբեր ուժերու ներկայացուցիչներ եւ քաղաքացիներ:

«Ո՛չ ցեղային զտման» շարժման նախաձեռնող խումբի անդամ Լարա Սարգսեանը նշած է, որ ցոյցին միջոցով իրենք կը փորձեն միջազգային հանրութեան ցոյց տալ, որ Արցախի մէջ չեն հանդուրժեր 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան կէտերուն խախտումները:

«Մեզի համար կարմիր գիծ է Ազրպէյճանի կողմէ անցակէտի տեղադրումը, որ եռակողմ յայտարարութեան կէտերու հերթական խախտումն է: Այսօր Ազրպէյճանը ատոր միջոցով կը փորձէ Արցախէն մեզ տեղահանելու փորձեր իրականացնել», ըսած է ան:

«Ոչ Արցախի ցեղային զտման» շարժման նախաձեռնող խումբի անդամ Դաւիթ Բաղրեանի համաձայն, սա խաղաղ, անժամկէտ ցոյցի իրականացման երրորդ օրն է:

«Մեր պահանջը ուղղուած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն, Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին: Հանրային դիմում-պահանջի հրապարակումէն 7 օր ետք, եթէ որեւէ գործնական քայլ չձեռնարկուի նշեալ կէտերը կատարելու ուղղութեամբ, պիտի դիմենք անհրաժեշտ մեթոտներու` մեր հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքն ու մեր երեխաներուն ապագան պաշտպանելու համար», ըսած է ան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2023, 08:30