Որոնել

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան 

«Կովերու պարտէզ»-ին հարցով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան մէջ մտահոգիչ վիճակ

Էջմիածինի տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Եսայի քհնյ. Արթենեան «Նիուզ»-ին յայտնեց, որ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը այս հարցով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի հետ:

Յորդանան ու Պաղեստինեան իշխանութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, որ որոշած են սառեցնել Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի Երուսաղէմի եւ Յորդանանի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ իբրեւ պատրիարք ճանաչումը: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:

Անոնք այս որոշումը տուած են Երուսաղէմի հին քաղաքի հայկական թաղամասին մէջ կալուածներու նկատմամբ պատրիարքի առած քայլերը սրբագրելու շարք մը ջանքերէ եւ փորձերէ ետք:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ այս որոշումը որդեգրուած է Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին եւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի ցուցմունքով, որովհետեւ պատրիարք Մանուկեանը գործադրած է քայլեր եւ գործարքներ, որոնք կ՛ազդեն սրբազան քաղաքի ապագային վրայ:

Այս քայլը որդեգրուած է Երուսաղէմի հին քաղաքի հայկական թաղամասին մէջ մեծ բաժին կազմող «Կովերու պարտէզ» անունով նշուած կալուածի եւ անոր շրջապատին վերաբերեալ գործարքին պատճառով:

Անոնք պատրիարք Մանուկեանէն պահանջած են կանգնեցնել որեւէ քայլ, որ կրնայ ազդել կալուածներու պատմական ու իրաւական կարգավիճակին վրայ եւ պիտի ազդէ անոնց բնոյթին վրայ` ժողովրդագրական եւ աշխարհագրական առումով, սակայն ան այդ պահանջներէն որեւէ մէկուն չէ ընդառաջած:

Էջմիածինի տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Եսայի քհնյ. Արթենեան «Նիուզ»-ին յայտնեց, որ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը այս հարցով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի հետ:

«Քննարկման ընթացքին պատրիարք սրբազանը վեհափառ հայրապետին տեղեկացուցած է, որ քայլեր կը ձեռնարկուին պատրիարքարանի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խնդիրի բարւոք հանգուցալուծման համար:

«Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը մշտական կապի մէջ է պատրիարքին հետ, եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կարելի աջակցութիւնը պիտի ցուցաբերէ պատրիարքարանին այս հոլովոյթին մէջ: Այլ մանրամասնութիւններ այս պահուս նպատակայարմար չենք նկատեր հրապարակել», ըսած է ան:

Աղբիւր՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2023, 07:53