Որոնել

«Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան»ի 100-ամեակը «Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան»ի 100-ամեակը 

Պէյրութի մէջ.«Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան»ի 100-ամեակը պիտի նշուի մեծ շուքով

Նշեալ միջոցառումը, որ պիտի կայացուի Institut Français du Liban-ի եւ ՀՀ դեսպանութեան մշակութային ծառայութեան հետ համատեղ համագործակցութեամբ է, տեղի պիտի ունենայ 11-12 մայիս 2023-ին, USJ-ի Փիէռ Ապու Խաթեր թատերասրահին մէջ (Rue Damas), նախատեսելով 1000 հանդիսատեսի ներկայութիւնը։

Հայ Կաթողիկէ «Հռիփսիմեանց վարժարան»ի հիմնադրման 100-ամեակ պիտի նշուի փառաւոր շուքով 

 «Հռիփսիմեանց վարժարան»ը ( որ կը գտնուի Մեթնի Ֆանար շրջանին մէջ) այս տարի պիտի նշէ իր 100-ամեակը: Հարիւրամեակը պատշաճօրէն տօնելու եւ վարժարանի ժառանգութեան յարգանքի տուրք մատուցելու համար տարուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ մշակութային միջոցառումներ նաեւ դրամահաւաք, որոնք պիտի անդրադառնան դպրոցի գործունէութեան։ 

Շեշտը պիտի դրուի յատկապէս վարժարանի եւ անոր շուրջ բոլորուած կրթական -մշակութային գործիչներու անխոնջ ջանքերուն ուղղուած մատղաշ սերունդներուն բարձր չափանիշներով կրթութիւն տալու , անոնց ինքնութեան կերտման ու նաեւ քաղաքացիութեան ոգիի ներշնչման։

Միջոցառումներու շարքին՝ հայ հանրայայտ, բազմատաղանդ հայրենի արուեստագէտ՝ Հայկ Պետրոսեան ընկերակցութեամբ իր խումբին ելոյթ պիտի ունենայ երկու համերգներով «Ժազզնաւուր» խորագիրով, ներկայացնելով լիբանանեան հանդիսատեսին առասպելատիպ հայ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի լաւագոյն երգերը։

 Նշեալ միջոցառումը, որ պիտի կայացուի Institut Français du Liban-ի եւ ՀՀ դեսպանութեան մշակութային ծառայութեան հետ համատեղ համագործակցութեամբ է, տեղի պիտի ունենայ 11-12 մայիս 2023-ին, USJ-ի Փիէռ Ապու Խաթեր թատերասրահին մէջ (Rue Damas), նախատեսելով 1000 հանդիսատեսի ներկայութիւնը։

Հարկ է նշել, որ միջոցառման ամբողջ շահոյթը պիտի յատկացուի դպրոցի ակադեմական եւ տարբեր ծրագիրներուն յաջողութեան, ինչպէս նաեւ կարիքաւոր ուսանողներու կրթաթոշակներու ապահովման։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2023, 08:40