Որոնել

2023.05.17 Presentazione libri di Charents all'Università La Sapienza

Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» հատընտիրը ներկայացուեցաւ Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանին մէջ

Հանդիսութիւնը նախաձեռնած էին Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութիւնը եւ «Լա Սափիենցա» համալսարանը, որուն մասնակցութիւնը բերաւ իտալացի հանրահռչակ դերասան Քարլօ Վերտոնէն:
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Երեքշաբթի՝ 16 Մայիսին, Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանի դասական արուեստի թանգարանի ODEION սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ես իմ անուշ Հայաստանի» հատընտիրի ներկայացումը, ուր ամփոփուած են 20-րդ դարի հայ ականաւոր բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի 1911-1922 թուականներու բանաստեղծութիւններու իտալերէն թարգմանութիւնները՝ հայերէն բնօրինակներու հետ համատեղ:

Հանդիսութիւնը նախաձեռնած եւ կազմակերպած էին Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութիւնը եւ «Լա Սափիենցա» համալսարանը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ իտալացի հանրահռչակ եւ սիրուած դերասան ու կինոհան Քարլօ Վերտոնէն:

Նոյն միջոցառումի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ իտալացի լրագրող Լեթիցիա Լէոնարտիի «Բանաստեղծի անհանգիստ կեանքը» խորագիրով աշխատութեան ներկայացումը, որ կը պատմէ Ե. Չարենցի կեանքը եւ գործունէութիւնը եւ որու նախաբանին հեղինակը նոյնինքն Քարլօ Վերտոնէն է:

Ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանի ռեկտոր Անթոնելլա Փոլիմենին, որուն հետեւացան Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Ծովինար Համբարձումեանի, Փրոֆեսոր Քարլօ Վերտոնէի «Լա Սափիենցա» համալսարանի Հնագիտութեան բաժնի տնօրէն Ճորճօ Փիրասի, «Ես իմ անուշ Հայաստանի» գրքի խմբագիր Տոմենիքօ Փոլիթոյի, Չարենցի երկերի թարգմանիչ Ալֆոնսօ Փոմփելլայի, «Բանաստեղծի անհանգիստ կեանքը» գրքի հեղինակ Լեթիցիա Լէոնարտիի, “Le Lettere” հրատարակչութեան ներկայացուցիչ Ֆիլիփփօ Օռլանտոյի բանախօսութիւնները։

«Լա Սափիենցա»ի ռեկտորը իր ելոյթի մէջ դիմելով Վերտոնէին նկատեց, որ ան Համալսարանի շրջանաւարտներէն է՝ գերազանց ցուցանիշներով, եւ այսօր ողջ ուսանողութեան կողմէ սիրուած ու յարգուած դերասան եւ մարդ մըն է: Ապա խօսքը ուղղելով ՀՀ Դեսպանին Փոլիմենին ընդգծեց, որ անոր նախաձեռնութեամբ եւ համատեղ ջանքերով «Լա Սափիենցա»ի մէջ հայկական ամպիոն հիմնուեցաւ, ուր տակաւին երկու տարի է կը դասաւանդուի հայոց լեզու եւ գրականութիւն ղեկավարութեամբ Փրոֆ Մարքօ Պայսի:

Դեսպան Համբարձումեանը իր ելոյթին մէջ շօշափեց տարբեր նիւթեր. Հայ-իտալական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը, «Լա Սափիենցա» համալսարանի հետ առանձնայատուկ կապը, թէ ինչպէս ծնաւ Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» գիրքի գաղափարը եւ յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց անոր մէջ ներդրում ունեցած բոլոր անձերուն:

Խօսքը տրուեցաւ ապա Քարլօ Վերտոնէին, որ իր սրտաբուխ ելոյթին մէջ հանգամանօրէն պատմեց հօր՝ փրոֆեսոր Մարիօ Վերտոնէի հայ աշխարհին հետ մերձեցման ու բարեկամութեան մասին ու թէ ինչպէս ան Եղիշէ Չարենցի գործերու իտալերէն առաջին թարգմանութիւններու հեղինակը եղած է, 1960-ականներուն, ու անոր Եղիշէ Չարենցի նկատմամբ ակնածանքի մասին:

«Ուսանող տարիներուս օր մը կը տեսնեմ, որ հայրս ինչ-որ անհասկանալի գիրեր առջեւը՝ իտալերէն կը թարգմանէ. Իմ զարմացած հարցին կը պատասխանէ թէ մեծ գրող մըն է, օր մը դուն ալ պիտի ճանչնաս, անունը Չարենց է, եւ շատ պիտի հաւնիս», յիշեց իր խօսքին սկիզբը Վերտոնէն, որ իր բովանդակալից յուշերը համեմեց Չարենցի բանաստեղծութիւններու ընթերցմամբ:

Միւս բանախօսները եւս իրենց ելոյթներու մէջ ընդգծեցին հայ մեծանուն բանաստեղծի անգնահատելի արժէքը եւ կարեւորութիւնը:

Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին հիւրերը հնարաւորութիւնն ունեցան վերը նշուած գիրքերը ձեռք բերելու եւ աւելի անմիջական կերպով զրուցելու բանախօսներուն հետ միասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2023, 09:04