Որոնել

2023.05.03   Onorificenza all'avvocato armeno Danielian

Ֆրանչիսկոս Պապը «Հրամանատար Ասպետ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Իրաւաբան Արսէն Դանիէլեանը

Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ 10 ապրիլին, յատուկ արարողութեան մը ընթացքին, Սուրբ Սիլվեստրի «Հրամանատար ասպետ»-ի բարձր շքանշանով եւ պապական հրամանագրով պարգեւատրուեցաւ Լոս Անճելըսի հանրածանօթ իրաւաբանը:
Ունկնդրէ լուրը

Հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը մամլոյ հաղորդակցութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ  հայ համայնքի ճանչցուած իրաւաբան Արսէն Դանիէլեանը պարգեատրուած է Ֆրանչիսկոս պապի «Հրամանատար ասպետ»-ի շքանշանով:

Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ 10 ապրիլին,  յատուկ արարողութեան մը ընթացքին, Սուրբ Սիլվեստրի «Հրամանատար ասպետ»-ի բարձր շքանշանով եւ պապական հրամանագրով պարգեւատրուեցաւ Լոս Անճելըսի հանրածանօթ իրաւաբանը:

Դանիէլեան գլխաւոր գործընկերն է Կլենտէյլ քաղաքի «Դանիէլեան, ԼըՔրոյ եւ Գոլանճեան» իրաւաբանական ընկերութեան եւ աւելի քան յիսուն տարիներու վրայ երկարող գործունէութիւն ունի հայ հասարակական կեանքին մէջ, Իրանէն Միացեալ Նահանգներ:

Սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ շնորհուած հրամանագիրն ու շքանշանը Ա. Դանիէլեանին յանձնեց թեմակալ առաջնորդ Միքայել եպս. Մուրատեանը: Ս. Սիլվեստր Ա. պապը (314-335) ճանչցուած է ղեկավարութեան իր յատուկ ձիրքերուն համար` Տիեզերական եկեղեցւոյ ամենատագնապալից ժամանակաշրջաններէն մէկուն ընթացքին:

Պարգեւատրումը կատարուած է առ ի գնահատանք Դանիէլեանի «նուաճումներուն ու աշխարհի մէջ դրական ազդեցութիւն թողելու անոր յանձնառութեան»: «Հրամանատար ասպետ»-ի կարգն ու շքանշանը կը տրուին աշխարհականներու` եկեղեցւոյ ու հանրութեան իրենց մատուցած յատկանշական ծառայութեանց համար:

«Ես խորապէս զգացուած ու երախտապարտ եմ Ֆրանչիսկոս պապին` ինծի շնորհած այս մեծ պատուին համար: Նոյնպէս երախտագիտութեան խօսք ունիմ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր տիրոջ` Ռաֆայէլ-Պետրոս 21-րդ կաթողիկոս-պատրիարքին` զիս սրբազան քահանայապետին ներկայացուցած ըլլալուն համար, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի եւ Քանատայի թեմակալ առաջնորդ  Միքայէլ եպս. Մուրատեանին` այս անմոռանալի պաշտօնական արարողութեամբ շքանշանն ու հրամանագիրը ինծի յանձնելու համար», ըսաւ Արսէն Դանիէլեան:

Ա. Դանիէլեան պարգեւատրուած է զանազան շքանշաններով ու պատուոյ գիրերով, որոնց կարգին է Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին շնորհած «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանն ու սրբատառ կոնդակը` Հայ առաքելական ս. եկեղեցւոյ անոր մատուցած աւելի քան քառասուն տարիներու անխոնջ ծառայութեանց համար:

Արսէն Դանիէլեան ծնած է Թեհրան, Իրան, եւ Միացեալ Նահանգներ գաղթած է 1979-ին: Իրաւագիտութեան դոկտորի կոչումը 1984-ին Լավերն համալսարանէն ստանալէն ետք անցած է իրաւաբանական աշխատանքի, Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ: Ան ամուսնացած է Նորուաք Լա Միրատա կրթական շրջանի վերատեսուչ դոկտոր Յասմիկ Դանիէլեանի հետ (այժմ` հանգստեան կոչուած): Ամոլը ունի երկու չափահաս զաւակներ եւ վեց թոռ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2023, 09:26