Որոնել

“Լռութիւն․ մենք կը կարդանք” Մեսրոպեան վարժարան “Լռութիւն․ մենք կը կարդանք” Մեսրոպեան վարժարան 

“Լռութիւն․ մենք կը կարդանք” ․ Մեսրոպեանի մէջ ամէն օր քառորդ ժամ պիտի տիրէ լռութիւն, եւ պահը պիտի յատկացուի ընթերցանութեան

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ 3 Մայիսին մեկնարկեց “Լռութիւն․ մենք կը կարդանք” նախագիծը

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ 3 Մայիսին մեկնարկեց “Լռութիւն․ մենք կը կարդանք” նախագիծը («Silence, on lit !»),  ըստ որուն, վարժարանի կրթական համայնքի բոլոր անդամները՝ աշակերտները, ուսուցիչները, պաշտօնեաները եւ աշխատակիցները հրաւիրուած են ամէն օր սահմանուած ժամուն (առտուան 8:20-էն մինչեւ 08:35) լռութեան մէջ կարդալ իրենց նախընտրած գիրքը։

Նախագիծը գլխաւորաբար ուղղուած է աշակերտներու զարգացումին,  հաշուի առնելով, որ ամենօրեայ ընթերցանութիւնը կը նպաստէ լեզուի ուսուցման եւ իւրացման, գիտելիքներու ձեռքբերումին, ինչպէս նաեւ կը զարգացնէ երեւակայութիւնն ու ստեղծագործական ունակութիւնները: Անիկա նաեւ օգտակար է բոլորին, ուղեկցուած այն փաստով, որ համընդհանուր ընթերցանութեան բերումով յառաջացած կարճատեւ բայց այնքան կարեւոր լռութեան պահը իր հետ կը բերէ հանգստութիւն եւ կեդրոնացում:

Նախագիծը կը գործադրուի հետեւեալ կերպ․ առտուայ ժամը 08:20-ին դպրոցին մէջ կը հնչէ ձայնային ազդանշան մը, որուն կը յաջորդէ մեղմ երաժշտութիւնը 15 վայրկեան: Այս ընթացքին դպրոցին մէջ բոլորը կը կարդան․ նոյնիսկ այն մարդիկ (ծնողներ կամ այլք), որոնք այդ պահուն դուրսէն կու գան դպրոց, կը հրաւիրուին գիրք մը առնելու եւ կարդալու այդ 15 վայրկեաններուն ընթացքին:

Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը կ՛ուզէ մեծ նշանակութիւն տալ այս ձեռնարկին եւ զայն դարձնել ծիսակարգ մը՝ վարժարանին մէջ: Յաջորդող օրերուն պիտի կատարուի կազմակերպական եւ բացատրական մեծ աշխատանք նախագիծը աշակերտութեան ծանօթացնելու եւ գործադրութիւնը երաշխաւորելու համար։ Անձնակազմին ուղղուած շրջաբերականի մը մէջ տնօրէնութիւնը կը շեշտէ, որ ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն յանձնառութիւնը եւ անձնական օրինակը էական է ամբողջ վարժարանը այս միասնական նախագիծին շուրջ համախմբելու համար:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2023, 07:40